Page 65 - Demo
P. 65
Դ.— Դիւանագիտական պայմաններ .— Եւրոպայի շահախնդրութիւնը օրէ օր կը յառաջանայ ընդլայնելով իր տնտեսական տիրապետութեան շրջանակ -ները դէպի Թուրքիոյ խորերը Դիւանագիտութեան երկու հակահոսանքները : , որոնք աշխարհի բաղդը կը վարեն այսօր դիւրաւ պիտի չի կրնան հաշտուիլ , Միջերկրականի ափունքներուն վրայ երկարաձգուող Կիլիկեան աշխարհի մը այս կամ այն Պետութեան կողմէ գրաւումին հետ որչափ ալ մասնակի , կառավարութեան մը տնտեսական շահերը գերազօր նկատուելու պարագան գոյութիւն ունենայ Որովհետեւ այդօրինակ գրաւում մը պիտի նշանակէր ո՛չ : միայն Արեւելեան Միջերկրականի տիրապետութիւնը այլ եւ Ռուսիոյ հանդէպ , ծովերու փակում մը՝ նեղուցներու խնդիրը կարգադրուելէ առաջ Երրեակ : Համաձայնութիւնը՝ առաջնորդուած Ռուսիա յ էն՝ պիտի կրնա ՞ ր կրաւորա [ ] [ ] -կան համակերպումի դերին մէջ մնալ՝ խանգարելով Եւրոպական ոյժերու հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ միակ Տէրութեան մը Գերմանիոյ Կարելի (): է նաեւ դիտել տալ թէ երբ Արեւելեան Խնդիրը ամբողջ դար մը զբաղեցուց , Եւրոպան առանց որ կարենայ Եւրոպական Թուրքիոյ բաժանումը վճռել եւ, նախկին հպատակ ցեղերն էին դարձեալ որ զէն ի ձեռին յաջողեցան ի վերջոյ իրենց մէջ բաժնել զայն ի՛նչպէս կարելի է հաւատալ որ Ասիական Թուրքիոյ , մեծ Պետութեանց միջեւ անմիջական բաժանում մը կարելի է երբ այնքան , մրցակցութիւններ իրարու դէմ կը լարեն զանոնք Եւ որովհետեւ Թուրքիոյ եւ : Պալքաններու Խնդիրներուն լուծումէն վերջ այլ եւս մեծ մասամբ փարատած կրնան ըլլալ Եւրոպական Ընդհանուր Պատերազմի մը երկիւղները այդ տեսակ , համեմատաբար խաղաղ ժամանակամիջոցի մը զուգադիպող եւ վերոյիշեալ պայմաններով նպաստաւորուած Հայկական շարժում մը Կիլիկիոյ մէջ կրնայ լաւագոյն պատճառ մը ըլլալ Հայկական Բարենորոգմանց ծրագիրը իրագործե -լու Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ՝ եթէ դժբաղդաբար վիժումի դատապարտուին այսօրուան Հայկական դիմումները եւ կամ եթէ դիմումները արդիւնքի մը յանգին՝ Կիլիկիան ալ մասնակից ընելու միւս Վեց Նահանգներու մէջ ի գործ դրուելիք բարենորոգումներու բարիքին : Ե.— Երկրին կացութիւնը իր անողոք պայմաններով եւ եւրոպական դիւա -նագիտութիւնը իր ցուցադրելիք հաւանականութիւններով մասամբ պարզելէ վերջ պէտք է ըսել թէ Ազգային ինքնապաշտպանութեան ո՛չ մէկ շարժում կա, -րելի է սպասել ու արդիւնաւոր ընել առանց վտանգի երկիւղներով պաշարուած ժողովուրդին պաշտպանութեան միջոցներ ստեղծելու Թէեւ Հայ ժողովուրդը : այսօր քիչ մը աւելի գիտակից իր մարդկայնական կոչումին տրամադիր , չ՚երեւար ոչխարի պէս մորթուելու ինչպէս երբեմն Համիտի օրով բայց այդ , , պատրաստութիւններն անգամ ինքնապաշտպանութեան տեսակէտով պիտի չկարենան իրական օգուտ մը յառաջ բերել երբ նկատի առնենք Եւրոպական , Թուրքիոյ կորուստով թուրք զինուորական ոյժերու մօտալուտ ամփոփումը եւ կեդրոնացումը Փոքր Ասիոյ մէջ եւ իսլամ գաղթականներու փոխադրութիւնը [ ] դէպի Հայկական Գաւառները : ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)| 65

