Page 128 - Demo
P. 128


                                    դունուած կ՚ըլլան առանց մեր հաւանութեան իսկ    »,  10/23 Յունուար 1914-  ի նիստին ժողովականները կը մտմտան Ներկայ բարեկարգումներու ամբողջութեան մասին   . «     ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր բռնելիք դիրքը      – գոհ երեւնանք թէ դժգոհ ի՞նչ պիտի ըսել հայ   .     ժողովրդին Ժողովը կ՚ընդունի որ այս բարեկարգումները բոլորովին չ են գոհացներ:         [ ]  հարկաւ հայ ժողովուրդը  ...: Պէտք չէ դժգոհութիւններ ցուցական ձեւով արտայայտել      , որովհետեւ պիտի գրգռենք թիւրքերը մեր դէմ      ...   եւ միւս կողմէ ջլատենք հայ ժողովրդի     ոգին...»:  Համաձայնագրի ստորագրութենէն ետք Շահրիկեան պիտի հրատարակէր իր լուրջ  ,       քննական վերլուծութիւնը բարենորոգումներու խնդրին մասին Հոն սկսելով համա    : ,   -ձայնագրի նախաբանէն ուր դիտել կու տար թէ զայն մեծ տէրութեանց ծանուցելու ,-          յանձնառութիւնն եղած ըլլալով յանուն պետական անձի մը եւ ո՛չ թէ օսմանեան կառա                -վարութեան փաստաթուղթը կարծուածին չափ մեծ արժէք չէր կրնար ներկայացնել,        ,- կ՚եզրակացնէր իրաւա՛մբ Թո՛ղ դիւանագիտութիւնն ալ մեզի հետ խոստովանի թէ իր, . «           ձեռք բերած այս արդիւնքը    ... Իթթիհատական կառավարութեան դիւանագիտական   ամենանուրբ եւ ճարպիկ յաղթանակներէն մէկն է Նոր Կառավարութիւնը՝ Դիւանա       :    -գիտութեան միայն տուաւ այն՝ ինչ որ իր հրատարակած օրէնքները կը թոյլատրէին            , ստիպելով նոյն այդ դիւանագիտութիւնը՝ որ արդէն իսկ օրինադրուածները իբրեւ         դիւանագիտական յաջողութիւններ ու նորութիւններ մարսէ     » : 52Հետագայ դէպքերը ցոյց տուին թէ համաձայնագիրը մեռծին էր իր բնոյթով երբ           ,  երկու իրարու հակադիր երրեակ դաշինքներ կնքած վեց մեծ տէրութիւններէն իւրա           -քանչիւրը կը հետապնդէր անհամատեղելի առանձին շահեր Թուրքիոյ կապակցու         -թեամբ եւ Թուրքիա յաջողած էր երկու քննիչներուն ստորագրել տալ իր պարտադրած              հրահանգները մինչ վիճելի հարցեր յառաջ գալու պարագային բարենորոգումներու,        գործադրութիւնը կը կարօտէր տուեալ պետութիւններուն համախոհութեան      :  Դժուար է չմտածել թէ Պալքանեան Բ Պատերազմէն յաղթական դուրս եկած       .     Թուրքիայով եւ Թուրքիան հետզհետէ աւելի սեղմ կերպով իր աքցանին մէջ առնող             Գերմանիայով՝ ռուսեւգերման բանակցութիւնները իրենց սկզբնական հունէն շեղած       ու վերածուած էին հայկական հողերէ անցնող ապագայ ծրագիրներու իրագործման         համար հայերու համակրութիւն ցոյց տալու եւ հայոց համակրութիւնը շահելու մրցու           -թեան53: Կը մնայ հարց տալ Երբ բարենորոգումներու խնդրին միջազգայնացման համար   .-      Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե ին դիմող Արշարունի եւ Ազգային Ժողովի վստա     .         -հութիւնն ապահոված Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւն ծրագրի մշակման եւ անոր           գործադրութեան հետապնդման կը լծուէին    , 1895-  ի բարենորոգումներու ծրագրին հե     -տեւած կոտորածներու լոյսին տակ գաւառի հայութեան կացութիւնն աւելի չբարդա          -52 Ատոմ, 128–140:53 Պարագան իր լաւագոյն արտայայտութիւնը կը գտնէր Մանտելշթամի բերնով երբ         ,  4/17 Յունուար 1914-    ին կը տեսակցէր պատրիարքարանի ներկայացուցչին հետ   . «[Հայերը աչքովնին տեսան որ միայն Ռուսիան մինչեւ վերջը անձնուրաց մնաց եւ]             գործը եզրակացութեան մը յանգեցուց    »:128 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)
                                
   122   123   124   125   126   127   128   129   130   131   132