Page 154 - Demo
P. 154
մէջ չի պարունակուիր այլ իր անկախութեանը իրողութեան մէջ թէ ինքնակալ , . պետութեան մը՝ կամովին իր իշխանութեանց մէկ մասէն հրաժարելովը անոր իբր , ինքնակալ տէրութիւն ունեցած հանգամանքը չի նուազիր մինչդեռ ոչ անկախ . տէրութիւն մը՝ ուրիշի կողմէ իրեն տրուած իշխանութիւններուն աւելնալովը չի կրնար ըսել թէ ինքնակալ պետութիւն մը եղած է : Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ պատուիրակները կը կրկնեն թէ իրականութեան մէջ՝ իշխանութեանց նուազումը հաւասարազօր պիտի ըլլայ վեհապետութեան նուազումին : Աւստրիոյ պատուիրակը՝ իր գերմանացի պաշտօնակիցին պէս՝ կը կարծէ թէ ընդհանուր կառավարիչին պէտք չէ տալ ամէն պաշտօնեաները եւ դատաւորները անուանելու եւ պաշտօնէ հանելու իրաւունքը այս իրաւունքը Սուլթանինն է զայն . . ընդհանուր կառավարիչին տալ՝ վեհապետին իրաւանց վնասել է : Իտալական պատուիրակն ալ Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ պատուիրակներուն կարծիքէն է : Ֆրանսայի պատուիրակը դիտել կուտայ թէ արդէն Սուլթանը ընդհանուր քննիչին՝ առանց բացառութեան ամէն պաշտօնեաները պաշտօնանկ ընելու իրաւունք տուած է : Գալով ընդհանուր քննիչին պաշտօնավարութեան լրանալուն վարչային եւ դատական ամբողջ պաշտօնէութեան ալ իրեն հետ միասին փոխուելու էական կէտին իբր օրինակ , առաջ կը բերէ Լիբանանը ուր այդ պաշտօնէութիւնը երբէք չի փոխուիր նոր կառավարչի մը անուանման հետեւանքով թէպէտ եւ այդ երկրին մէջ խիստ վառ ըլլան միշտ , քաղաքական կիրքերը : Նախագահը կը կարդայ չորրորդ յօդուածը . «Ընդհանուր կառավարիչին քով պիտի գտնուի վարչային խորհուրդ մը որ խորհրդակցական (consultatif) հանգամանք պիտի ունենայ եւ պիտի կազմուի . « ) Ա Նահանգին զանազան վարչային պաշտօնատանց ներկայացուցիչներէն : « ) Բ Կրօնական զանազան հասարակութեանց հոգեւոր պետերէն : « ) Գ Կայսերական կառավարութեան ծառայութեան մէջ գտնուող եւրոպացի մասնագէտ խորհրդականներէ որոնք կ՚օժանդակեն վարչային պաշտօնատանց-, տեսուչներուն: « ) 6 Դխորհրդականներէ ը իսլամ ը քրիստոնեայ որոնք կ՚ընտրէ նահանգային (3 , 3 ), ժողովը իր անդամներուն մէջէն :» Ռուս պատուիրակը կը պարզէ այս յօդուածը : Գերմանացի պատուիրակը դիտել կուտայ թէ ժողովրդեան շահերուն համապատասխան բան մը պիտի չըլլայ վալիի իրաւասութիւնները չափէն աւելի աւելցնել՝ վարչային ժողովին զուտ խորհրդակցական հանգամանք մը տալով : Ռուս պատուիրակը կը պատասխանէ թէ խիստ զօրաւոր գործադիր իշխանութիւն մը վերջին աստիճան փափաքելի է : Նախագահը կը կարդայ րդ յօդուածը 5- . «1) Նահանգային ժողովը պիտի կազմուի իսլամներէ եւ քրիստոնեաներէ հաւասար , թիւով: «2) Նահանգային ժողովին անդամները պիտի ընտրուին գաղտնի քուէով քազանե -րու մէջ այս նպատակաւ կազմուած ընտրական մարմիններու կողմէ , : 154 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)

