Page 161 - Demo
P. 161
18 րդ յօդուածը կը կարդացուի . «Հայոց ազգին՝ 1863 ի Սահմանադրութեամբ եւ Սուլթաններու կողմէ զանազան պէրաթներով տրուած իրաւունքներուն եւ առանձնաշնորհումներուն անբռնաբարելիութիւնը բացարձակապէս ճանչցուցած է :» Այս յօդուածը առարկութեանց տեղի չի տար : Կը կարդացուի 19 րդ յօդուածը մուհաճիրները (): «Նահանգին սահմաններուն մէջ մուհաճիրներ պիտի չտեղաւորուին :» Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ պատուիրակները կը հակառակին այս յօդուածին որ հարուած մըն է Թուրքիոյ վեհապետական իրաւունքին դէմ : Ռուսիոյ պատուիրակը կը բացատրէ թէ սոյն յօդուածը կը ձգտի հայերը պաշտպանել օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայոց միատարրութիւնը եղծելու նպատակաւ որեւէ գործուած զեղծումին դէմ այդ դրութիւնը մշտական խռովութեանց . տեղի տուած է : Ֆրանսայի եւ Անգղիոյ պատուիրակները Ռուսիոյ առաջարկութեան կողմն են : 20 րդ յօդուածը կը կարդացուի . [«]Վերը յիշուած սկզբունքներուն համաձայն մասնաւոր տրամադրութիւններ պիտի պատրաստուին նահանգին սահմաններէն դուրս եւ մանաւանդ Կիլիկիոյ մէջ ապրող հայերու վիճակը բարւոքելու համար :[»] Գերմանիոյ պատուիրակը այս յօդուածին կը հակառակի վասն զի մէկ նահանգ մը , կազմուիլը չ՚ընդունիր : 21 րդ յօդուածը կը կարդացուի . «Մասնաւոր յանձնաժողով մը կազմուած օսմ Կառավարութեան եւ պետութեանց - . ներկայացուցիչներէ պիտի պատրաստէ նահանգին- statut organique , ը ինչպէս նաեւ 20 րդ յօդուածին մէջ յիշատակուած տրամադրութիւնները ղեկավարուելով ներկայ , նախագիծի սկզբունքներէն :» Այս յօդուածը՝ մէկ նահանգի մը կազմութեան հակառակ գտնուող պատուիրակ -ներուն ըրած վերապահումներէն զատ՝ ուրիշ առարկութեանց տեղի չի տար : 7 րդ նիստ [10/]23 Յուլիս 1913 Կը կարդացուի 22- րդ յօդուածը: «Պետութիւնները պիտի ապահովուին ամբողջ այս տրամադրութեանց գործա -դրութեան մասին :» Պատուիրակները կը համաձայնին հետեւեալ բանաձեւը ընդունելու . «Քօնթռօլը պիտի կայանայ 6 դեսպաններու հաւաքական միջամտութեան վրայ . այդ միջամտութիւնը տեղի պիտի ունենայ առաջարկութեամբ իրենց երիցագոյնին որուն պիտի մատուցուին ուղղակի կերպով ընդհանուր քննիչներու կամ ընդհանուր , , կառավարիչին ռուսական նախագիծին ընդունուելու պարագային տեղեկագիրները ( ) :» Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ պատուիրակները կը յայտարարեն թէ նախամեծար կը համարեն որ բարենորոգումները գործադրուին 1 Յուլիս 1913 թուակիր՝ համար [34233/75] ծանուցագրին մէջ յիշատակուած օսմանեան առաջարկութեանց հիման ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 161

