Page 159 - Demo
P. 159
հետ միասին՝ նահանգին միւս դատարաններուն մէջ՝ նախագահի կամ անդամի պաշտօնը պիտի չկարենան վարել :» Այս յօդուածը առարկութեանց տեղի չի տար : Գերմանացի պատուիրակը կը փափաքի դատական նոր բարենորոգմանց գործա -դրութեան արդիւնքը տեսնել : 6 րդ նիստ [5/]18 Յուլիս 1913 Նախագահը կը կարդայ 11 րդ յօդուածը. «1) Քաղաքապահ եւ ոստիկան զինուորական մարմիններ պիտի ստեղծուին : Ասոնք պիտի կազմուին նահանգին իսլամ եւ քրիստոնեայ բնակիչներէն կէս առ կէսի , համեմատութեամբ: «2) Յիշեալ մարմիններուն կազմակերպութիւնը եւ բարձրագոյն հրամանատա -րութիւնը պիտի յանձնուի եւրոպացի սպաներու որոնք պիտի գտնուին նահանգին , ծառայութեան մէջ : «3) Նահիյէներու մէջ գիւղական պահակներ պիտի կազմուին որոնք պիտի անուանուին նահիյէներու խորհուրդներուն կողմէ եւ պիտի գտնուին միւտիրներու հրամաններուն տակ :» Գերմանիոյ Աւստրիոյ եւ Իտալիոյ պատուիրակները համեմատութեան կողմ են, : Ֆրանսայի եւ Անգղիոյ պատուիրակները ռուսական առաջարկութեան ոյժ կուտան: Նախագահը 12 րդ յօդուածը կը կարդայ . «1) Այն զինուորները որոնք նահանգին բնիկներն են խաղաղութեան ատեն տեղւոյն վրայ պիտի կատարեն իրենց զինուորական ծառայութիւնը : «2) Քիւրտ թեթեւ հեծելազօրքի գունդերը հին Համիտիյէները պիտի ցրուուին ( ) :» Գերմանիոյ պատուիրակը կը հակառակի առաջին հատուածին Կ՚առարկէ թէ ան : իր ոգւոյն մէջ բացորոշ կերպով ինքնօրինութիւնը կը պարունակէ Իսկ Համիտիյէներու : ցրուուելուն մասին համամիտ է : Միւս պատուիրակները նոյն կարծիքը կը յայտնեն : Ռուս պատուիրակը դիտել կուտայ թէ տեղական զինուորական ծառայութիւնը արդէն ընդունուած է թուրք կառավարութեան կողմէ : 13 րդ յօդուածը կը կարդացուի . «1) Վարչութեան պաշտօնեաները եւ նահանգին դատաւորները պիտի ընտրուին , հաւասար թիւով իսլամներէն եւ քրիստոնեաներէն , : «2) Սանճաքի եւ քազայի կառավարիչի պաշտօններու բաշխման ատեն՝ նկատի պիտի առնուին ազգագրական զանազան համախմբմանց թիւերը :» Գերմանիոյ պատուիրակը եւ իրեն հետ Աւստրիոյ ու Իտալիոյ պատուիրակները կը պնդեմ համեմատութեան վրայ : Անգղիոյ եւ Ֆրանսայի պատուիրակները կը պաշտպանեն հաւասարութիւնը : Երկրորդ հատուածը Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ պատուիրակներուն կողմէ կ՚ըն -դունուի: ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 159

