Page 160 - Demo
P. 160
Կը կարդացուին 14, 15, 16 րդ յօդուածները. «Յօդուած 14.- Միայն մնայուն բնակիչները ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքը պիտի վայլեն : «Յօդուած 15.- 1) Նահանգին մէջ հրատարակուելիք օրէնքները հրովարտակները , , հրամանագիրերը շրջաբերականները եւ պաշտօնական զեկուցումները պիտի, խմբագրուին նահանգին երեք գլխաւոր լեզուներով թուրքերէն հայերէն քրտերէն (, , ): «2) Աղերսագիրերը խնդրագիրները եւ վարչական կամ դատական իշխանութեան, մատուցուելիք ամէն տեսակ գրութիւններ պիտի խմբագրուին այդ երեք գլխաւոր լեզուներէն մէկով շահագրգռուած կողմին ընտրութեամբը , : «3) Դատարաններու առջեւ՝ դատավարութիւնները պիտի կարենան շահա -գրգռուածներու լեզուով ըլլալ եթէ այս վերջիններս ուզեն , : «4) Վճիռները պիտի խմբագրուին թուրքերէն լեզուով՝ որուն քով պիտի գտնուի նաեւ թարգմանութիւնը երկու կողմերու լեզուով , :» «Յօդուած 16.- 1) Նահանգին մէջ գտնուող ազգերը ամէն աստիճանի անհատական դպրոցներ հիմնելու եւ զանոնք մատակարարելու իրաւունք ունին : «2) Պիտի կարենան մասնաւոր տուրքեր հաստատել իրենց համայնքին անհատներուն վրայ դպրոցներու պէտքերը հոգալու համար , : «3) Այդ անհատական դպրոցներուն մէջ ուսուցումը ազգային լեզուով պիտի ըլլայ : «4) Այդ դպրոցներուն բարձրագոյն հսկողութիւնը ընդհանուր կառավարիչին կողմէ պիտի կատարուի նահանգին , statut organique- ին տրամադրութեանց համաձայն : «5) Անհատական դպրոցներու մէջ թուրքերէն լեզուի ուսուցումը պարտաւորիչ պիտի ըլլայ :» Այս յօդուածը առարկութեանց տեղի չի տար : 16 րդ յօդուածը մէկ նահանգ մը կազմուելու կէտին մասին վերապահումներու տեղի կուտայ: 17 րդ յօդուածը կը կարդացուի . «Մասնաւոր յանձնաժողով մը որուն պիտի նախագահէ ընդհանուր կառավարիչը , , պիտի որոշէ պայմանները որոնց համեմատ հայոց գրաւուած հողերը իրենց պիտի վերադարձուին եւ կամ այդ հողերուն փոխարէն դրամ եւ կամ ուրիշ հողեր պիտի ստանան: Ռուս պատուիրակը կը բացատրէ թէ կարգադրութեան օրինաւոր հիմը պիտի ըլլայ հայերուն հողերը իրենց վերադարձնել Իսկ դրամական փոխարինութիւնը պէտք է : բացառութիւն կազմէ : Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ պատուիրակները կը հակառակին այս յօդուածին Ըստ : իրենց կարծիքին պէտք է այս խնդրոյն լուծումը ձգել կալուածային արձանագրութեան , գործողութիւնը կատարելու նպատակաւ կազմուած նոր յանձնաժողովներուն Այս : յանձնաժողովները ընդհանուր քննիչներու հսկողութեան տակ պիտի յաջողին այդ, , վէճերը (conflits) գոհացուցիչ կերպով կարգադրել : Ֆրանսայի եւ Անգղիոյ պատուիրակները համամիտ են ռուսական առաջարկին : Իտալիոյ պատուիրակը իր գերմանացի եւ աւստրիացի պաշտօնակիցներուն կարծիքէն է : 160 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)

