Page 175 - Demo
P. 175


                                    Յաւելուած 10  Պատրիարքարան Հայոց  Կոստանդնուպոլիս 23 Յունիս 1913 Համար 1881  Ամենապատիւ Տ Յովհաննէս Ս Արքեպ Արշարունի.   . .  Պատրիարք Հայոց եւ նախագահ Ազգ Վարչութեան     .   Հայկական գաւառներու քաղաքական եւ տնտեսական խիստ աննպաստ կացու          -թեան պատճառաւ խմբովին գաղթականութիւններ հետզհետէ մեծ համեմատութիւն ,       -ներ կ՚ստանան եւ հայ ժողովուրդը թողլով իր հայրենի յիշատակները ու ընտանեկան ,    ,         յարկը կը դիմէ օտար երկիրներ     : Այս մտահոգիչ երեւոյթին առջեւ Ազգ Կեդրոնական Վարչութեան խառն ժողովը    .    , դիմած էր Ազգ Երեսփոխանական Ժողովին առաջարկելով որ ժողովը իր բարձր  .  ,      հեղինակութեան ոյժը ի գործ դնէ եւ յայտարարութեամբ մը յորդորէ թշուառ ժողովուր              -դը չլքել իր մայր հայրենիքը ու տոկալ քիչ մ՚ալ ինչպէս որ կրցեր է տոկալ եւ յուսալ    ,               դարերէ ի վեր   : Ազգ Ժողովը պատ Վարչութեան պաշտօնագիրը կարդալէ յետոյ ընդունեց հետեւ.  .       -եալ բանաձեւը : «Այս պահուս հայ բնաշխարհը աւերող խմբական արտագաղթի մասին Ազգ Կեդ        .  -րոնական Վարչութեան գրաւոր առաջարկը եւ բերանացի տեղեկութիւններն ինչպէս       ,  եւ զանազան երեսփոխաններու արտայայտութիւնները լսելէ ետքը Ազգ Ժողովը     , .  կ՚որոշէ սոյն մեծ չարիքին առաջքը առնելու համար՝       1° Ազգ Կեդրոնական Վարչութեան.   եւ Ազգ Ժողովին կողմէ բոլոր հայաբնակ գաւառներու ուղղել հանդիսաւոր կոչ մը .           յիշեցնելով թէ ներկայիս աւելի քան երբէք Հայ ազգը իրաւամբ կրնայ յուսալ իր հայրենի               տեղւոյն վրայ իր գոյութեան պայմաններուն ապահովացման ամենաօրինաւոր բաղ          -ձանքներուն իրագործումին եւ պէտքը շեշտելով յանուն դարաւոր հայութեան գերա           -գոյն շահերուն՝ մնալու իր պապերուն երկրին մէջ եւ պաշտպանելու ազգին գոյութիւնը            : 2° Սոյն նպատակով ուղարկել մէկ քանի եկեղեցական եւ աշխարհական պատուիրակ          -ներ որոնք կենդանի բարբառով ալ նոյն յորդորն ուղղեն ժողովուրդին տեղւոյն,        ,  եկեղեցական եւ աշխարհական իշխանութեանց հետ միասին եւ այդ նպատակաւ           տեղական մարմիններ կազմելով առաջնորդարաններու նախաձեռնութեամբ  ,  : 3° Կոչ մը ուղղել Պօլիս եւ արտասահման գտնուող հայ բարեսիրական ընկերութեանց եւ            առհասարակ հայ ժողովուրդի բարեկեցիկ մասին որպէսզի պարագաներուն համապա    ,    -տասխան ծաւալով հանգանակութիւններ կատարուին Պոլսոյ մէջ Ազգ Վարչութեան      .  եւ գաւառի մէջ Ազգ իշխանութեանց նախաձեռնութեամբ գոյացնելու համար գումար   .  ,    մը որ մասամբ բարելաւէ գաղթականութեան դիմողներու տնտեսական դրութիւնը եւ           միջոց ու կարելիութիւն տայ անոնց զիրենք շրջապատող դժնդակ պայմաններու դէմ     ,      իքնզինքնին պաշտպանելու եւ հայրենի հողին կառչած մնալու       »:  ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)| 175
                                
   169   170   171   172   173   174   175   176   177   178   179