Page 54 - Demo
P. 54
Խորհրդ եւ Ապհ Յանձ Խառն Նիստ. . . Յուլիս 8[/21] Օրակարգ. 1.- Ստացուած նամակներու ընթերցում . 2.- Դեսպաններու հետ տեսակց ութիւններու [] com[p]te rendue-ներ [= համարատուութիւններ]. 3.- Ռոտոսթոյի դէպքին առթիւ նամակները 30 . 4.- Արտագաղթի խնդիրը . 5.- Ինքնապաշտպանութեան խնդիրը . 1.- ) ա Կարդացուեցաւ Պօղոս Բաշայի նամակը թերթերու մէջ իր եւ Շէրիֆ Փաշայի 31 30 Թուրքերը Պալքանեան Երկրորդ Պատերազմի սկզբնաւորութեան գործադրած էին ջարդ մը Պալքանեան Առաջին Պատերազմին Թուրքիոյ կրած պարտութեան հետեւանքով յաղթական Պուլկարիոյ տիրապետութեան անցած Ռոտոսթոյի հայոց եւ յունաց դէմ , անպակաս ձգելով վաճառատուներու կողոպուտն ու բնակարաններու հրկիզումը : Ոճիրները գործուած էին հակառակ անոր որ պուլկարներու կողմէ քաղաքին գրաւման ժամանակ բազմաթիւ հայեր ապաստան տուած էին թուրքերու եւ պաշտպանած էին զանոնք իսկ դէպքէն անմիջապէս առաջ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը դիմած էր, թրքական իշխանութիւններուն՝ առաջքն առնելու հայավնաս որեւէ անցանկալի պատա -հարի որովհետեւ նախօրօք տեղեկութիւն տրուած էր պուլկարներու կողմէ քաղաքին, հաւանական պարպումին եւ թրքական ուժերու մուտքին մասին Վարչութեան տպաւո : -րութիւնն այն էր թէ առանց այդ նախազգուշական միջոցներուն աւելի լուրջ կրնար ըլլալ , աղէտը ԱԱԺ (, 5/18 Յուլիս 1913- . ի Ը նիստ Ռոտոսթոյի դէպքին մասին մամլոյ տեղեկա): -տուութիւնները շփոթեցուցիչ վիճակ մը ստեղծած ըլլալով Գէորգ Ե պատրիարքարանէն , . պիտի խնդրէր յստակ տեղեկութիւններ Ի պատասխան Ճէվահիրճեան տեղապահն իր : , 6 Հոկտեմբեր 1913 թուակիրով պիտի յայտնէր թէ ռոտոսթոցիներու վիճակը յարաբերաբար տանելի է բայց տակաւին բոլորովին բացօթեայ կը մնային իրենց ապրուստէն զրկուած , 5–600 տուն մալկարացի հայեր որոնց տուներն ու խանութները հրկիզուած էին թուրքերու , կողմէ Բէհբուդեան (, 197): New York Times 28 Յուլիսին տեղ տալով Քոնսթանցայէն առաքուած լրատուութեան մը , պիտի հաղորդէր թէ Ռոտոսթոյէն 40 մղոն հեռու Մալկարայի մէջ թուրք զինուորներ եւ պաշըպոզուքներ հրդեհած են գլխաւորաբար հայոց պատկանող 280 տուն սպանած են, բոլոր փախչիլ փորձողները եւ հարուստ մենաստանի մը մէջ կոտորած են 300 յոյներ ու հիմնայատակ կործանած՝ տասնութ յունական գիւղեր Թուրք հրամանատարը պուլկարա : -ցիները մեղադրած է այս ոճիրներուն համար՝ վկայակոչելով Ադրիանապոլսէն բացակայ բրիտանացի հիւպատոսը ...: Թէքէեան իր յուշերուն մէջ անդրադարձած է Ռոտոսթոյի դէպքին եւ այդ առիթով ստեղծուած շփոթին ու բանակցութիւններ կատարելու ճիգին («Հայաստան Եւ Գերմանիա », «Արեւ երկօրեայ» , 11 Օգոստոս 1916):31 Mehmed erif Pasha, Şհամահիմնադիր՝ Քրտական Համագործակցութեան եւ Յառաջ -դիմութեան Միութիւն ի որ - , 1918- ի զինադադարէն ետք ալ Նուպարի հետ պիտի բանակցէր այս անգամ որպէս ներկայացուցիչը Քիւրտիստանի Վերականգնման Միութեան Նուպա : -րի հետ Շերիֆի կապը անհանգստացուցած էր ո՛չ միայն թուրքերն ու պատրիարքարանը ,- 54 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)

