Page 56 - Demo
P. 56
Յունիս գրով եղած հարցումներուն ի մասին մեր բռնելիք քաղաքականութեան 8 33: 2.- Կարդացուեցան com[p]te rendue-ներ Notice [= ծանօթագիր յ անձնելու առթիւ] [ ] գերմ դեսպ հետ եղած տեսակցութեան Պետերբուրգի մէջ եւ հոս ռուս կառավ. . , . ներկայացուցիչներու հետ տեղի ունեցած խօսակցութեանց : Գերմանիոյ բռնած տարամերժ դիրքին պատճառով անոր գաղափարները , , բարենորոգմանց խնդրին համար առնելու առաջարկ եղաւ որ ժողովը վաղաժամ , , գտաւ եւ թողուց որ Գերմ դեսպանատունը ինքը արտայայտէր իր տեսակէտները . : Որոշուեցաւ սպասել առ այժմ մինչեւ այն ատեն Բարիզի Պատուիրակութիւնէն ալ , տեղեկութիւններ առնելով որոշել մեր դիրքը : 3.- Ռոտոսթոյէ ջարդի առթիւ նոր եկած նամակներու հիման վրայ որոշուեցաւ առաջարկել որ Վարչութիւնը ամփոփ, Note մը տայ դեսպաններուն եւ կցէ անոնց ստացուած տեղեկագրերը խնդրելով որ դեսպանները միջամտեն ապագայ նոր , , դժբաղդութեանց առաջքն առնելու յանցաւորները պատժելու եւայլն , 34: բացորոշապէս սահմանուած էր Պէրլինի Դաշնագրոյն 61 րդ յօդուածով պարտադրուած բարենորոգմանց գործադրութիւնը պահանջել Պետութիւններէն ... Սակայն յետոյ իմացայ որ իրենց այս դիմումին գլխաւոր պատճառը ինձմէ նիւթական օգնութիւն մը ստանալու յոյսով է եղեր Ուզեցի զայս իմացնել Ձեր Սրբազնութեան որպէս զի ի հարկին բացայայտ : կերպով հռչակէ որ ես ո՛չ միայն ուղղակի կամ անուղղակի մաս չեմ ունեցած Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան մէջ ա՛յլ եւ միշտ ինձ եղած դիմումներուն ականջ իսկ չեմ , կախած Յիրաւի իմ ըմբռնումս շատ բարձր է իմ պարտականութեանս եւ իմ պաշտօնիս: մասին որպէս զի ես թոյլ տամ Պատուիրակութեան՝ շեղիլ իրեն համար գծուած ճամբէն եւ Վեհափառ Կաթողիկոսին կողմէ իրեն վստահուած պաշտօնէն » (ՊՏԴ տուփ, 2, թղթա -պանակ MD1100, 858): Ն33 Տես Յաւելուած 9:34 10/23 Յուլիս 1913- ին վեց մեծ պետութեանց Պոլսոյ դեսպաններուն ներկայացուած ծանօ -թագրին հայերէն սեւագիր օրինակին մէջ կը կարդանք Պատրիարքարանս յանուն հայ . « ազգի իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Ռօտօսթոյի վերջին դէպքերու առթիւ Ձեր Վսեմ կողմէ ցոյց տուած մարդասիրական վերաբերմունքի եւ ձեռք առած գործնական . միջոցներուն առթիւ : «Հարկադրուած ենք սակայն յայտնել թէ հակառակ թիւրք կառավ արութեան լրագրական [] թէ բանաւոր հերքումներուն ջարդը եւ սարսափը Ռօտօսթոյի մէջ եւ շրջակայքը շատ աւելի լայն ծաւալ ունեցած են ինչ որ պիտի տեսնուի գրոյս կցուած տեղեկագիրներէ , : «Չափազանց վրդովիչ լուրեր կ՚ստացուին նաեւ Մալկարայէն եւ մեր կասկածներ ն այդ , [ ] մասին աւելի հիմ կ՚առնեն անով որ տեղական կառավարութիւնը արգելք կը յարուցանէ , մեր պատուիրակութեան հոն մեկնելու : «Հայ ազգը դառն եւ սոսկալի փորձառութիւններ ունեցած է անցեալին այսպիսի դէպքերու մասին Ատանայի եւ հայաբնակ միւս գաւառներու մէջ եւ ներկայիս գիտակ օսմ բանակի . , կամաւորներու եւ թիւրք բնիկներու հոգեբանութեանը ի նկատի առնելով թիւրք մամուլի , շատ գրգռիչ յօդուածներու ազդեցութիւնը շատ մեծ երկիւղ ունինք որ օսմ բանակը իրեն , . հետեւող կամաւորներով առաջանալով դէպի Էտիրնէ եւ հոն մտած աւերի եւ սրածութեան ենթարկէ հայ ազգաբնակութիւնը ուստի կուգանք խնդրելու Ձեր Վսեմ ութենէն ժամ . [] առաջ Ձեր զօրեղ ազդեցութիւնը գործ դնել նախ՝ ա կտրուկ միջոցներ ձեռք առնել տալ ) 56 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)

