Page 55 - Demo
P. 55
մէջ եղած մտերիմ յարաբերութիւնը ըլլալը ժխտող ներփակուած էր Ժամանակ . «» օրաթերթին ուղղուած հերքմնագիրը բ Թիֆլիզի Բիւրօն կը պատասխանէր մեր 32: ) մանաւանդ որ Փարիզի վտարանդիները բոլորուած էին Շերիֆի շուրջը այլեւ՝ Ռու ,- -սաստանը: 27 Մայիս 1913- ին Կովկասի փոխարքան Գէորգ Ե ի գրելէ ետք թէ Մեսրոպ .- եպիսկոպոս Ալեքսանդր Խատիսեան Սամսոն Յարութիւնեան Քալանթար եւ Միքայէլ, , , Բաբաջանեան իր օգնականին՝ Զօրավար Շաթիլովի ներկայանալով միջոցներ խնդրած են թուրքերու եւ քիւրտերու ոճրային արարքներուն դէմ ինքնապաշտպանութեան համար եւ թէ ինք խնդրանքը տեղեկացուցած է առ որ անկ է եւ արտաքին գործերու նախարարն ըսած է թէ անյետաձգելի միջոցներ ձեռք պիտի առնուին բարեկարգութիւններու միջոցով հարցին լուծման համար խնդրած էր որ կաթողիկոսը իր հեղինակութեամբ ազդելով , խաղաղեցնէ հայոց յուզուած միտքերը Պօղոս Նուպարի մասին աւելցնելով , . «… ըստ բոլոր նշանների չի կարողանում զգուշանալ անկախ քայլերից որոնք չեն համապատասխանում, , Տաճկաստանի իւր հայրենակիցներից Կ Պօլսի պատրիարքի միջոցով ստացած հրա . -հանգներին Տեղեկութիւններ կան որ Նուբար փաշան հնարաւոր է համարել մօտենալ: , Փարիզում Տաճկաստանից արտաքսուածներին եւ այդպիսով մասնակցել Տաճկաստանի քաղաքական ներքին պայքարի մէջ »: Փոխարքան դիտել տուած է թէ նման ընթացք մը թուրքերը կրնայ մղել ծանր մեղադրանքներ ներկայացնելու հայոց դէմ եւ դժուարացնելու հայոց ի նպաստ Ռուսիոյ կատարած քայլերը բարեկարգութիւններու գծով ՓՆՄ (, ԶՆՀՀՄ): 31 Մայիս 1913 թուակիր նամակով մը Շերիֆ Նուպարի յայտնած էր թէ հայկական ծրագիրը բացարձակապէս համաձայն է քրտական ծրագրին բայց գործադրութիւնը՝ « » , կասկածելի որովհետեւ Իթթիհատի միակ մտահոգութիւնն է խաբել ամէն մարդ Ապա, « »: աւելցուցած էր Որքան ատեն որ . « ... [Իթթիհատը իր յափշտակիչ ու ախտաժէտ ձեռքերուն] մէջ պահէ կառավարական իշխանութիւնը ոչինչ կը յուսամ նոյն , » ():32 Թրքական մամուլին կողմէ Նուպար Շերիֆ փաշա յարաբերութեան մասին յետին նպա - -տակով հրապարակուած յերիւրանքներուն մասին Ժամանակ օրաթերթին մէջ անդրա «» -դարձումներ սկսած էին կատարուիլ Յունիս ամսուն յատկապէս Իդիպոսի Երուանդ ( Օտեան ստորագրութեամբ) (9/22 Յունիս թիւ 1482, 10/23 Յունիս թիւ 1483, եւայլն): Նուպար իր Յուլիս 6 1913 թուակիր հերքմնագրին մէջ կը յայտնէ թէ շնորհակալ է որ Շերիֆ փաշա իր թերթին մէջ ուժ կու տայ հայկական բարենորոգումներու հարցին բայց ատկէ , չի հետեւիր թէ Հայ Ազգային Պատուիրակութիւնը կը բաժնէ Շերիֆի քրտական ձգտում -ներու խօսափողը նկատուող թերթին ընդգրկած ընդհանուր քաղաքականութիւնը եւ կը « » խնդրէ որ Ժամանակ մերկացնէ թուրք մամուլի մէջ կատարուած յայտարարութիւններու «» դիտումնաւոր սուտերը Հովսեփյան (, 36–37): Յուլիս ին Նուպար Արշարունիի կը յայտնէ 7- , իր զարմանքն ու զայրոյթը կատարուած զրպարտութիւններուն համար եւ կը խօսի զանոնք հերքելու իր ճիգին մասին աւելցնելով Վստահ չեմ թէ իմ հերքմնագիրս արգելք , . « պիտի կրնա՞յ ըլլալ թուրք թերթերու պայքարին շարունակութեան ... բայց ամէն պարագայի մէջ իմ լռութիւնս գէշ պիտի մեկնուէր եւ իմ նամակս գէթ թոյլ պիտի տայ պատուաւոր ընթերցողներու որոնց միայն ես կարեւորութիւն կուտամ հասկնալ ճշմարտութիւնը եւ,- ,- դատել այս տեսակ չարամտութիւնները Կը գրէ նաեւ Ձեր Սրբազնութիւնը թերթերու »: . « տուած պատասխանէս պիտի տեսնէ Շէրիֆ Բաշայի հետ ունեցած յարաբերութիւններուս սահմանը Միւս կողմէ պէտք եմ յաւելուլ որ անցեալ ձմեռ թուրք անձնաւորութիւններ իմ: աջակցութիւնս խնդրեցին՝ զոր բնականաբար մերժեցի յարելով որ իմ պաշտօնս , ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 55

