Page 12 - Demo
P. 12


                                    կրնան նպաստել բարենորոգումներուն եւ անոնց առնչուած բանակցային ու դիւա           -նագիտական աշխատանքներուն մասին գիտելիքներու ընդարձակման միաժամանակ    ,  որպէս հիմք ներկայանալով պատմական դասերու    : Շարադրանքէն կրնայ հետեւցուիլ թէ օսմանահպատակ հայոց ազգային մարմին         -ները ինքնավարութիւն անկախութիւն կամ ռուսական գերիշխանութիւն փափաքած,- ,      ըլլան թէ ոչ չորս տարի շարունակ թերեւս անարդարանալի համբերութեամբ եւ օս   ,-   ,         -մանեան հպատակէ մը ակնկալուող հաւատարմութեան ցուցադրութեամբ օրինաւոր       ,  սահմաններու մէջ ըրած էին իրենց կարելին այն միամիտ հաւատքով թէ օսմանեան           իշխանութիւնները կը կասեցնեն հայոց դէմ գործադրուող հարստահարութիւններն ու           անարդարութիւնները՝ ապահովելու համար գէթ կեանքի ինչքի եւ պատուի անվտան    ,       -գութիւն Եւ սակայն չորս տարի շարունակ այդ իշխանութիւնները թերացեր էին հայ:           օսմանահպատակներուն հանդէպ իրենց տարրական պարտաւորութեան մէջ ի վերջոյ      ,    պատճառ դառնալով որ այդ հպատակներն իրենց վիճակին բարւոքման համար մտա           -ծեն դիմել արտաքին աշխարհի օգնութեան կամ որոշեն ընդառաջել բարենորոգումնե         -րու խնդիրը անգամ մը եւս միջազգայնացնելու բնոյթ ունեցող արտաքին առաջարկ           -ներու իբրեւ հիմնաւորում նկատի ունենալով Պերլինի Դաշնագրին,       61-  րդ յօդուածն ու   1895-  ի հայկական բարենորոգումներու մայիսեան ծրագիրը երկուքն ալ պաշտօնապէս   .     ընդունուած օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իբրեւ յանձնառութիւն հանդէպ եւրոպական        մեծ տէրութիւններու : Ներկայացուող անտիպ նիւթերը իրենց ժամանակատարածքային շրջանակին մէջ       զետեղելու համար յարմար դատած ենք հարցին նախապատմութեան հիմք ծառա ,        -յեցնել Թուրքիոյ հայոց Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենագրութիւնները      , ապա անցնիլ բարենորոգումներու հարցը հետապնդելու նպատակով ստեղծուած       Ապահովութեան Յանձնաժողովի անտիպ ատենագրութիւններու երկրորդ տետրին     ,- որուն հրապարակումը գլխաւոր դրդապատճառն էր այս նախաձեռնութեան       :  «Վաղորդայն խորագրեալ բաժնին մէջ ռուսեւթրքական համաձայնագրին ստորա»       -գրութեան յաջորդած իրադարձութիւններու հպանցիկ շարադրանքն ընելէ եւ վերջա          -բանը կարգ մը ճշդումներու հարցադրումներու եւ մտորման մղող նշումներու յատ   ,         -կացնելէ ետք , «Յաւելուածներ բաժնին մէջ խմբած ենք պատճէնները շօշափուած»       նիւթին վերաբերեալ ճնշող մեծամասնութեամբ անտիպ վաւերագրերու զորս չենք     ,   ուզած անհարկիօրէն ծանրաբեռնել բազմաթիւ ծանօթագրութիւններով    :  Անտեղի նկատած ենք վաւերագրերուն մէջ Խայտաբղէտ տարբերակներով ներկա        -յացող յատուկ անուններու եւ հայատառ օտար բառերու նոյնականութիւնը հաստա          -տող նշումներ :  ––––– նող Ե գիրքը Երեւան  .  ( 2013). Ստեփան Պողոսյանի  Հայոց Ցեղասպանության Պատմություն   պատմագիտական ուսումնասիրութեան Բ հատորը Երեւան   .  (, 2008)   եւ Լիլիթ Հովհաննիս  -յանի Հայկական Հարցը Եվ Մեծ Տերությունները     1914–1917 Թվականներին աշխատութեան Ա գլուխը Երեւան.  (, 2002): Ուշագրաւ են նաեւ Մուշեղ Սերոբեանի քննական քննադա      -  -տական մէկէ աւելի գործերը   :12 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)
                                
   6   7   8   9   10   11   12   13   14   15   16