Page 14 - Demo
P. 14


                                    հայոց դէմ կիրարկուող հարստահարութիւններու զգալի աճն ու Ատանայի եղեռնը         , քրիստոնեաներու հետեւաբար նաեւ հայերու զինուորագրութեան նոր օրէնքը՝ ի,         հակադրութիւն նախասահմանադրական շրջանին ուր քրիստոնեաներ զերծ կը մնային  ,       զինուորագրութենէ ապա նաեւ հողային բռնագրաւումներն ու հայկական բնաշխարհի,         մէջ օսմանեան այլ տարածքներէ պատերազմական վիճակի հետեւանքով թէ կամովին          գաղթական մուհաճիր դարձած մահմետականներու դիտումնաւոր բնակեցում՝ ()     հայահոծ շրջաններու մէջ ժողովրդագրական ծրագրեալ փոփոխութիւններ կատարելու       համար ի վնաս բնիկ հայոց որոնք այլապէս ալ ճնշիչ պայմաններու բերումով կը     ,        հարկադրուէին դիմել արտագաղթի  :  –––––  1896-  ի Նոյեմբերէն ի վեր պաշտօնապէս դադրեցուած Ազգային Սահմանադրու         -թեան պաշտօնական վերագործադրութեամբ   3/16 Հոկտեմբեր 1908-  ին կը վերա  -բացուէր Ազգային Ընդհանուր Ժողովի նստաշրջանը եւ երրորդ նիստին իսկ         , 15/28 Հոկտեմբերին կ՚արծարծուէր Գաւառային հարստահարութիւններ ու հարցը ինն,  « »    երեսփոխաններու կողմէ կատարուած ստիպողական հարցումով մը ուր կը նշուէր թէ      ,       հասած տեղեկութիւններ կը հաստատէին գաւառներու մէջ կեանքի ինչքի եւ պատուոյ       ,     բռնաբարութիւններ կատարուած ըլլալը Ի պատասխան ժողովականներուն կը յայտ  4:   ,      -նուէր թէ հին օրերու տխուր վիճակն ու բռնաբարութիւնները յիշեցնող գիրերու հիմամբ             պատրիարքարանը թագրիրներ կամ զեկուցագրեր ներկայացուցած է Բարձրագոյն       Դրան ձեռք բերած է անոնց հետեւանքով գաւառներ ղրկուած հեռագիրներու,          պատճէնները որոնք,  «կառավարութեան բարի տրամադրութիւն  » ունենալը կը  դրսեւորեն եւ սակայն աւարառութիւններն ու բռնութիւնները կը շարունակուին,        : Ժողովականներ դիտել կու տան թէ կառավարութեան ընթացքը խոստումներէ անդին          չ՚անցնիր եւ բուն կացութիւնը շատ աւելի կսկծալի վիճակ մը կը ներկայացնէ ըստ             մասնաւորներէ ստացուած նամակներու ուր նոյնիսկ սովամահութեան եւ ջարդի  ,       երկիւղներու խօսք կ՚ըլլայ  :  Գրիգոր Զօհրապ կ՚առաջարկէ կառավարութեան դիմել գաւառները հայ անդամ        ընդգրկող քննիչ յանձնաժողով ղրկելու համար մինչ Յարութիւն Շահրիկեան անբա    ,     -ւական նկատելով այդ միջոցառումը կ՚առաջարկէ կազմել մասնախումբ մը որ գործ   ,     ,    -նական դարմաններ առաջարկող ծրագիր մը բերէ առ ի քննութիւն եւ ներկայացում             կառավարութեան Քննարկումներու ընթացքին կ՚առաջարկուի նոյնիսկ ինքնապաշտ:       -պանութեան միջոց խնդրել կառավարութենէն Ի վերջոյ կ՚որոշուի Քաղաքական   :      Ժողովին վստահիլ համապատասխան ծրագրի մը պատրաստութիւնը որպէսզի անոր      ,   հիման վրայ յաջորդ նիստը կազմէ յատուկ յանձնաժողով մը       5: Յաջորդ նիստին արդէն օրակարգի անցած կը գտնենք Հայաբնակ նահանգներու        «  մասին ըլլալիք անմիջական դիմումին համար Մասնաժողովին առաջարկութեանց       4 ԱԱԺ Վերաբացում,  1908–9 նստաշրջանի նիստ Գ,   ., 39:5 Նոյն, 39–44:14 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)
                                
   8   9   10   11   12   13   14   15   16   17   18