Page 15 - Demo
P. 15
նկատառումը որուն տեղեկաբերն է Զօհրապ Ակնարկութիւններ կ՚ըլլան բարեկար», : -գումի եւ նոյնիսկ Հայկական Խնդրի վերարծարծման Քննարկումներէ ետք թեթեւ : բարեփոխումով կը վաւերացուին վարչապետին ներկայացուելիք հետեւեալ կէտերը , որպէսզի անոնց գործադրութեան շնորհիւ Հայ ազգաբնակչութեան գոյութեան « սպառնացող անմիջական վտանգները միայն արգիլող բայց ոչ հարկաւ անոր , բարօրութիւնը երաշխաւորող դրութեան ստեղծումով Հայերուն Օսմ Հայրենիքին » « . հետ ունեցած կապերը եւ սէրը աւելի եւս ամրապնդուին » .- 6Գաւառները ղրկուելիք հանրային վստահութիւն վայելող եւ ուղղամիտ անձերէ կազմուած քննիչ մարմիններու իրաւասութեան տուչութիւն՝ Ա Զեղծում գործադրած եւ անկարող գտնուած պաշտօնեաներ ուղղակի.- պաշտօնանկ ընելու , վալիներ պաշտօնազրկելու կեդրոնական կառավա -րութեան հրահանգով եւ Համիտիէ գունդերու սպաները հեռացնելու ոստիկանական ու քաղաքական պաշտօններէ : Բ Դատապարտութենէ կամ ամբաստանութենէ ետք ազատ արձակուած.- չարագործներ ձերբակալելու եւ Պոլիս ուղարկելու : Գ Յափշտակուած հողեր եւ կալուածներ իրենց տէրերուն վերադարձնելու.- : Դ.- Մուհաճիրներուն շնորհուած օգնութիւնները նոյնութեամբ տալու իր հայրենիքը վերադարձող ամէն օսմանցիի անխտիր : Ե Պատժելու ամէն անձ որ հայերու տուրք եւ տարապարհակ աշխատանք կը.- հարկադրէ: Զ Հայ գաւառներու մէջ բոլոր սովէ տառապողներու անխտիր ցորեն եւ սեր.- -մնցու տալու եւ սովէն վնասուած ու աղքատացած ժողովուրդին յետամնաց պարտքերը ջնջելու : Է.- [Տեղական զինուորական իշխանութիւններուն հրահանգելու որ աջակցին] , քննիչ մարմիններու որոշումներուն գործադրութեան 7: Դիտելի է թէ Ազգային Վարչութիւնը որոշած էր շարունակել դիմումներով բաւա -կանանալու քաղաքականութիւնը՝ յոյս դնելով կառավարութեան վրայ : 14/27 Նոյեմբերի նիստին օսմանեան խորհրդարանի մօտալուտ բացման նախօր , -եակին բարեկարգումներու անհրաժեշտութիւնը աւելի յստակ բանաձեւում մը կը գտնէ, Հմայեակ Եպսկ Դիմաքսեանի կողմէ Ան կը յուսար թէ խորհրդարանը նկատողու . : « -թեան պիտի առնէ Օսմանեան երկրին եւ ժողովուրդին կացութիւնն ու հիմնական բարենորոգմանց համար ազդու միջոցներ ձեռք պիտի առնէ Նկատելով որ հայերն »: «իբրեւ օսմանցի երկրին հարազատ զաւակն են կ՚առաջարկէ որ Ազգային Ժողովն իր », մէջէն եւ դուրսէն Երկրին եւ Ազգին վիճակն ուսումնասիրող ազգայիններէ եւ թէ « կուսակցութիւններէ՝ խառն Յանձնաժողով մը կազմէ՝ ամփոփ Յիշատակագիր մը պատրաստելու յորում ակներեւ երեւին Ազգին պահանջումները հիմնական բարենո, -րոգմանց առթիւ ...» : 86 ԱԱԺ նիստ Դ, ., 17/30 Հոկտեմբեր 1908, 50:7 Նոյն, 49:8 ԱԱԺ նիստ Ը, ., 98:ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 15