Page 19 - Demo
P. 19
Յաջորդող ներազգային խնդիրներու պատճառով Ազգային Կեդրոնական Վար -չութիւնը կազմող քաղաքական եւ կրօնական ժողովներու անդամներն ու պատրիարքը կը հրաժարին : Երբ 5/18 Նոյեմբեր 1910- ին կը վերաբացուի Ազգային Ժողովը առաջին քանի մը , նիստերը հրաժարականներու հարցին յատկացուելէ ետք օսմանեան խորհրդարանին , մատուցանելի յիշատակագրին մասին Ատենապետերու Դիւանի տեղեկագիրը դարձ -եալ ի յայտ կու գայ որպէս օրակարգի նիւթ վեցերորդ՝ 24 Դեկտեմբեր 1910/6 Յունուար 1911- ի նիստին եւ Դիմաքսեան արդէն արքեպիսկոպոս կը հարկադրուի տուեալ, ( ) նստաշրջանի վերջին՝ 29 Ապրիլ/12 Մայիսի իններորդ նիստին յիշեցում կատարել իր երեք տարիներէ ի վեր յամեցող եւ օրակարգի անցած յիշատակագրին մասին ըսելով , թէ Օսմանեան Սահմանադրութեան վերահաստատումով Ազգը կը յուսար թէ Հայա « -բնակ երկիրներու բարենորոգումներուն պիտի ձեռնարկուէր ... թէ՝ 3–400,000 անմեղ Հայերու թափած արիւններէն պիտի սրբուէր երկիրն ... վերջ պիտի տրուէր մարդախո -շոշ եղեռնագործութիւններուն ...», բայց հալածական Հայասպան քաղաքականու «, -թիւնը կը յամենայ Յստակացնելով թէ հայերը անկախութեան ձգտող ազգ մը չեն» : « » , այլ են՝ Օսմանեան Սահմանադրական Պետութեան ամէնէն հաւատարիմ ու ամէնէն « անձնուէր ժողովուրդը կը պահանջէ որ արդար համարձակութեամբ խորհրդարա» , « » -նին առջեւ շեշտուի Հայաբնակ երկիրներու բարենորոգումներու պէտքը « » : 21Կ՚որոշուի անհրաժեշտը տնօրինել : Յաջորդ նիստին՝ 6/19 Մայիս 1910, կը ներկայացուի Խառն Ժողովին կողմէ պատրիարքական տեղապահ նշանակուած Վահրամ Եպսկ Մանկունիի յիշատակա . -գիրը ուր կը նշուի թէ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ի վեր գոյութիւն, առած է կայսրութեան ոչ իսլամ ազգերու հոգեւոր եւ վարչական իրաւունքները սեղ - -մելու միտում մը որ բարդացուցած է կացութիւնը ոչ միայն հայոց համար Ազգին , : համար կենսական հարցերու կարգին կը յիշուին զինուորագրութեան կրթական եւ , ազգային սեփականութիւններու խնդիրներն ու հողային հարցը որուն համար դիտել , կը տրուի թէ կառավարական շրջանակներու մէջ կան հայերը հողատէր դարձնելը վտանգաւոր փորձ նկատողներ : Մանկունիի յիշատակագրին Խառն խնդիրներ ենթաբաժնին տակ թուարկուած « » կը գտնենք գաւառներու մէջ հարստահարութիւնք որպիսիք են յափշտակութիւնք « , . գոյից սպանութիւնք առեւանգումներ կանանց ու աղջկանց բռնաբարումն պատուոյ, , , ... եւ իսլամացումներ բռնի օրինաւորութեան ձեւին տակ սքօղուած՝ չարագործներու . անպատիժ թողուիլը եւ անոնց տեղ ստէպ անմեղ Հայերու բանտարկուիլը կառավա , -րութեան գաւառական պաշտօնէից կողմէ չարագործներուն ընձեռուած պաշտպանու -թիւնը եւ երբեմն նաեւ ասոնց մեղսակցիլը չարագործութեանց հրկիզութիւնք վերջա , . -կատարելու վրայ դրուած արգելքին որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ալ թելադրանքն , ըլլալով քուէարկուած էր որպէս վերջնական լուծում հարցը կը շարունակէ զբաղեցնել , Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը յաջորդական նիստերու ընթացքին եւս (9/22 Յուլիսի եւ 23 Յուլիս Օգոստոսի նիստեր/5 ): 21 ԱԱԺ վերաբացում, 1910–11 նստաշրջանի նիստ Թ, ., 148:ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 19