Page 20 - Demo
P. 20


                                    պէս շարունակութիւնը բռնապետութեան շրջանի բազմատեսակ հալածանաց      » : 22Հարկ է նշել թէ Մանկունի պատասխանատու կը նկատէ գաւառական տեղական ապիկար՝         -  « զեղծ ու անարժան պաշտօնեաները եւ ոչ թէ Բ Դուռը զոր կը բնորոշէ որպէս  »       . ,     խնդիրներու բարւոք դարման գտնելու նախանձախնդիր բայց տակաւին չարիքն ի          սպառ վերացնելու հիմնական միջոց ձեռք անցնելու ի վիճակի չեղող կողմ          : Թէ Մանկունի կը հաւատա՞ր իր հաստատումին թէ՞ զգուշաւորութիւնը կամ պատ       ,     -շաճութիւնը կը պահանջէր բարի տրամադրութիւն եւ նախանձախնդրութիւն վերագրել          Բ Դրան պարագային ճշդումը դուրս կը մնայ մեր ծրագրէն. ,        : 3/16 Յունիս 1911-  ի նիստը ցցուն կը դարձնէ Ազգային Ժողովի Կեդրոն եւ Ազատա            -կան խմբակցութիւններու սուր հակադրութիւնները թէեւ մէջ ընդ մէջ ակնարկու   ,       -թիւններ կ՚ըլլան կառավարութեան որդեգրած անընդունելի մօտեցման եւ անոր դէմ          բողոք բարձրացնելու անհրաժեշտութեան  : 10/23 Յունիսի նիստին Դիմաքսեան ներկայացնելով հոլովոյթը իր երեք տարի        առաջ կատարած եւ օրակարգի անցած առաջարկին կը շեշտէ թէ անհրաժեշտ է      ,       խորհրդարանին յիշատակագիր մը ներկայացնել խիզախ եւ անվեհեր դիմումներով    , «   »  հայերէ եւ թուրքերէ բաղկացած քննիչ յանձնաժողով մը ղրկելու հայաբնակ շրջանները՝            ի հարկին քիւրտերէ եւ չերքէզներէ զէնքերը հաւաքելու կամ անձնապաշտպանութեան         « համար Հայոց ալ զէնք կրելու հրաման տալու ինչպէս նաև դիմում ընել սուլթանին       »,      հայ ժողովուրդի դառնաղէտ վիճակին համար    23: Ազգային Ժողովի Ազատական   խմբակցութեան կողմէ ներկայացուած բանաձեւ մըն ալ կը քուէարկուի նոյն նիստին՝            արտայայտելու ժողովին խորունկ ցաւը Հայաստանի եւ միւս հայաբնակ նահանգ    «      -ներուն մէջ տեղի ունեցող սիստեմադիք ջարդերու հարստահարութիւններու եւ     ,   խոշտանգումներու եւ բռնի իսլամացումներու առթիւ եւ առաջարկելով Քաղաքական     »     Ժողովին անյապաղ ուսումնասիրել հարցը եւ ներկայացնել այդ կացութեան վերջ          տալու միջոցները յառաջիկայ նիստին   24: Քաղաքական Ժողովը Ազգային Ընդհանուր Ժողովի     19 Օգոստոս Սեպտեմբեր/2  1911-  ի նիստին նկատառման ներկայացնելով ամփոփումը առանձին կերպով հրատա    «   -րակուած եւ երեսփոխաններուն բաշխուած առաջարկներու՝ ի մասին յիշատակա   [] »       -գրին Ժողովին ձեռնհասութեան եւ հեղինակութեան կը վերապահէ սահմանել ինչ,  «         փոփոխութիւն որ արժան կը դատի որոշելով նաեւ կարեւորն այն ձեռնարկներուն եւ      ,        դիմումներուն մասին զոր բանաւոր կը դատէ առաջարկութեանց գործադրութեանը         համար» : 25Վերջապէս 9 /22 Սեպտեմբեր 1911-  ի նիստին տեղի կ՚ունենայ քննարկում Դիմաքս   :   -եան անբաւարար կը գտնէ ծրագիրը եւ կը պահանջէ որ օսմանեան խորհրդարանի հայ                անդամները ձայն բարձրացնեն այլապէս դիտել տալով թէ հայոց հանդէպ գործա  ,         -դրուած կեղեքումներու տեղեկութիւնները յերիւրածոյ յայտարարող կամ քիւրտերը   «»    22 ԱԱԺ բացում,  1911–12 նստաշրջանի նիստ Ա,   ., 162:23 ԱԱԺ նիստ Ե,   ., 221–223:24 Նոյն, 224:25 ԱԱԺ նիստ Ժ,   ., 313–314:20 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)
                                
   14   15   16   17   18   19   20   21   22   23   24