Page 23 - Demo
P. 23
րութիւններու մասին գաւառային առաջնորդարաններէ հասած տեղեկագրեր կը մղեն որ պատրիարքը ձեռնարկէ վարչապետին ինչպէս նաեւ ներքին արդարութեան , , , ռազմական եւ կրօնական գործերու նախարարներուն տրուած բողոքի եւ անյապաղ տնօրինումներու պահանջի այցելութիւններու 34: Նոյն շրջանին է որ Գէորգ Ե Էջմիածին հասած տեղեկագրերու եւ դիմումներու . հետեւանքով 28 Օգոստոս/10 Սեպտեմբեր 1912 թուակիր հեռագիր մը կ՚ուղղէ Արշա -րունիի՝ պահանջելով իր ստացած ցաւալի լուրերուն պատճառով փութով հեռագրով , ապա նաեւ մանրամասնութիւններ ընդգրկող նամակով տեղեկութիւն ստանալ Վանի , եւ շրջակայից դրութեան մասին 35: Ի պատասխան Արշարունի որ վարչապետին տուած իր այցելութիւններու ըն , ,- -թացքին կը կրկնէր թէ անմիջական լուծումներու յապաղման պարագային պիտի հարկադրուի հրաժարիլ միաժամանակ շեշտելով թէ բազմացած մասնակի ոճիրները , , մտածել կու տան թէ անոնց կրնայ յաջորդել ընդհանուր ջարդ մը՝ Ատանայի հանգոյն 36,- 4/17 Սեպտեմբեր թուակիրով կը հաստատէ թէ վտանգուած է Թուրքիոյ հայոց ազգային էութիւնը՝ ակնարկելով հայոց անէացման համար ի գործ դրուած անողոքելի ծրա « -գիր ի մը» 37: Եւ քանի որ օսմանեան կառավարութիւնը ա՛յս անգամ եւս շօշափելի արդիւնքով գործի չէր վերածած շարունակուող խոստումները պատրիարքը Քաղաքական , , Ժողովն ու անոր նշանակած Հարստահարութեան Յանձնաժողովը հրաժարական կը ներկայացնեն Ազգային Ընդհանուր Ժողովի 7/20 Սեպտեմբեր 1912- ի նիստին: Պատրիարքն իր հրաժարագրին մէջ կը նշէր . «...նկատելով որ տարւոյս Յուլիս 12 էնի վեր յարականոն կերպով եղեռններ կը գործուին Հայաբնակ Նահանգաց մէջ եւ մեր , բազմաթիւ դիմումներն ու թախանձանքները մնալով ապարդիւն չարագործները չեն , ձերբակալուիր ու պատժուիր այլ ընդհակառակն քաջալեր կը գտնեն տեղական , պաշտօնէից անտարբերութեան չըսենք գաղտնի համամտութեան ու մեղսակցութեան , շնորհիւ շարունակելու նորանոր ոճիրներ խժդուժ խուժանի մը գլուխը անցած , նկատելով որ Հայ ժողովուրդը անզէն անպաշտպան կը գտնուի զինեալ աւազակներու , առջեւ՝ խաղալիք թողուած անոնց մոլեռանդական վայրագ կրից որ դեռ ծարաւը կը , զգան իրենց երբեմնի կոտորածներն ու աւարը շարունակելու , ... խղճի խայթ կ՚զգամ մնալու այլ եւս Պատրիարքական Աթոռիս վրայ՝ այնպիսի պարագայից մէջ ուր այլ եւս , 34 Այդպիսի հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին ներքին գործերու նախարարը անսովոր ոչինչ պիտի գտնէր դրութեան մէջ կտրականապէս հերքելով գաւառներուն մէջ վտան , « -գաւոր եւ բացառիկ կացութեան մը գոյութիւնը » («Ազատամարտ», 19 Օգոստոս Սեպ/1 -տեմբեր 1912, թիւ 978):35 «Հեռագիր Վեհափառ Կաթողիկոսէն Ազգ Պատրիարքարան . » («Բիւզանդիոն», 29 Օգոս -տոս/11 Սեպտեմբեր 1912, թիւ 4827): Նոյնը՝ ԱԱԺ , 7/20 Սեպտեմբեր 1912- ի նիստ, 128: Այս նիստին արտօնուած են ներկայ գտնուիլ օտար թղթակիցներ :36 «Կացութիւնը Հայաբնակ Նահանգներուն Մէջ Երէկուան Դիմումները Եւ Անոնց Արդիւնք . -ները» («Բիւզանդիոն», 30 Օգոստոս/12 Սեպտեմբեր 1912, թիւ 4828):37 «Փաստաթղթեր...» («Էջմիածին ԽԷ տարի Ապրիլ», . , 1990, 15–16):ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 23