Page 27 - Demo
P. 27


                                    Այս իրադարձութիւններուն յաջորդող Ազգային Ընդհանուր Ժողովի նիստի       ընթացքին, 21 Դեկտեմբեր 1912/3 Յունուար 1913- , ին հարստահարական հարցին անդ    -րադառնալով Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ստեփան Գարաեան,       առաջին անգամ ըլլալով կը գործածէ      Բարենորոգմանց խնդիր  արտայայտութիւնը նշե,   -լով թէ իր գլխաւորած Քաղաքական Ժողովին ընտրութենէն ետք մարմին առաւ Հա          «    -յաստանի բարենորոգմանց խնդիրը աւելցնելով թէ ան նոր խնդիր մը չէ եւ կէս դարէ  »,               ի վեր ծրագիրներ մշակուած ու հանդիսաւոր խոստումներ եղած են այդ ուղղութեամբ՝             «վերջը մոռցուելու համար Ապա յստակացնելէ ետք թէ ծրագրի պատրաստութեամբ  »: ,       կարելի չէ գոհանալ որով Քաղաքական Ժողովը իր ամբողջ զօրութեամբ պիտի պնդէ   ,    «      որ բարենորոգմանց գործադրութիւնը անխախտ կերպով երաշխաւորուի կ՚արծարծէ     »,  Ազգային Ընդհանուր Ժողովին վստահութիւնը կամ հաւանութիւնը ունենալու հարցը       47:  Քաղաքական Ժողովի անդամ Վահան Փափազեան կը յստակացնէ թէ Վարչու           -թեան հետապնդածը թուրք կառավարութեան պատրաստած և յայտարարած ծրագ         -րէն տարբեր է Վարչութեան պատրաստելիք ծրագիրը պէտք է ըլլայ կիրարկելի48   :        « սիսդէմը որ ըլլայ մեր կողմէ կամ,       ուրիշէ [շեղագրումը՝ մեր կողմէ Վ Ղ առաջարկուած  -  . .]  կամ ծրագրուած նպատակ ունենայ հիմնաւորել մեր քաղաքացիական իրաւունք ,        -ները», ձգտելով ապահովել ազգային գոյութիւն եւ քաղաքացիական իրաւունքներ       , երաշխիքի համար դասեր քաղելով պատմութենէն եւ հիմնուելով այն ամէնուն վրայ        «   ինչ որ միջազգային դաշնագրերով նոյն իսկ տաճիկ կառավարութեան ընդունած   ,      երաշխաւորութիւններն են  » :  49Ըստ Փափազեանի յուշերուն այս դռնփակ պատմական նիստէն անմիջապէս  ,   «»   ետք Վարչութիւնը կամ Խառն Ժողովը կ՚ընտրէ իր անդամներէն բաղկացած ինքնավար           քաղաքական մարմին մը որուն կու տայ Ապահովութեան Յանձնաժողով անունը՝  ,       հետապնդելու Հայկական Հարցը Նախագահ՝ Եղիշէ Արք Դուրեան եւ անդամներ՝  :   .     Գրիգորիս վրդ Պալաքեան Ստեփան Գարաեան Ոսկան Մարտիկեան Լեւոն Տէմիր . ,  ,  ,   -ճիպաշեան Մուրատ իմա՛ Համբարձում Վ Ղ Պոյաճեան եւ ինք՝ Վահան Փափազ,  [ -  . .]       -եան որ կը դառնայ յանձնաժողովին գործավար քարտուղարը,       -50: 8/21 Փետրուար 1913-  ին Սամսոն Յարութիւնեան Արշարունիի կը յայտնէ թէ ստա         -ցած է պատրիարքարանին պատրաստած ծրագիրը նշելով նաեւ թէ մէկ երկու օրէն     ,  ,  -  47 ԱԱԺ նիստ ԺԸ,  ., 279:48 Օսմանեան կառավարութեան պատրաստած եւ անընդունելի ծրագիրն այլուր Փափազ         -եան դիտած է իբրեւ առժամեայ հանգամանք ունեցող եւ իրաւանց ընդարձակման     «  »   «  սկզբունքին վրայ հիմնուած ծրագիր մը որ նկատի ունէր հարստահարութիւններու»    ,     ենթակայ հայկական նահանգներէն միայն չորսը՝ Վան Բաղէշ Տիգրանակերտ եւ     , ,   Խարբերդ որոնք բնորոշուած էին որպէս հայեւքրտական նահանգներ Ծրագիրը կը,      :   տրամադրէր բարենորոգումներու գործադրութեան համար ստեղծումը երեք իսլամէ երկու      ,  հայէ եւ մէկ ասորիէ բաղկացած յանձնաժողովի մը՝ նախագահութեանը ներքեւ պետու           -թեան կողմէ անուանուած ընդհանուր քննիչի մը անոր տրամադրելով օտար խորհրդա      ,      -կան մը իբրեւ նշեալ յանձնաժողովի նախագահ եւայլն Փափազեան      ,  (, 584–587):49 Նոյն, 281:50 Փափազեան, 183:ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)| 27
                                
   21   22   23   24   25   26   27   28   29   30   31