Page 26 - Demo
P. 26


                                    րուն համար կատարուող ձեռնարկներու մասին    43: Արշարունի զգուշաւորութեամբ,   գնահատելով տարուող աշխատանքները եւ իրատես մօտեցումով նոյնիսկ մարգա      ,   -րէաբար նշած էր,   .  «... փափագելի է որ անոնք այս անգամ յանգին ակնկալուած արդիւնքին ու             վերստին յառաջ չբերեն Պերլինի դաշնագրին ծանօթ      61  րդ յօդուածին հետե  -ւանքը որ այնչափ աղէտաբեր եղաւ խեղճ ազգին համար՝ այն պատճառաւ որ,             անիկա եկաւ բռնել Սան Սթեֆանոյի դաշնագրին   [  ] 16  րդ յօդուածին տեղը մեր ,  Հայ հոգեւորականներուն եւ պաշտօնական Մարմիններու անքաղաքագի        -տութեամբը որոնք չկրցան կռահել այս փոփոխութեան թաքուն նպատակը որ,       ,   խեղճ Հայերը կ՚դարձնէ նոխազ քաւութեան Պէտք է գիտնալ որ Հարստա    :       -հարման Յանձնաժողովն ալ որ կազմուեցաւ Ազգ Ժողովէն փափաքուած  ,   . ,  գործունէութիւնը չպիտի կրնայ ունենալ ու իր ջանքերը պիտի մնան ամուլ           մանաւանդ ներկայ պատերազմին պատճառաւ   ...» :  44Նոյն նամակին մէջ ան յայտնած էր թէ Պօղոս Նուպարին գրած է կարեւորը եւ  ,              Բուանքարէի հետ տեսակցութիւն մը կրնայ օգտակար ըլլալ բայց կարեւորը Ռուսիոյ       45,    տրամադրութիւնն է այս խնդրին մէջ     : Այս նոյն շրջանին է նաեւ որ Գէորգ Ե          . 15 Հոկտեմբեր 1912-  ին Ցարական Ռուսիոյ  Կովկասի փոխարքային միջոցով կեղեքուող արեւմտահայոց համար խնդրած էր        ցարին պաշտպանութիւնն ու իր      10 Նոյեմբեր 1912 թուակիրով Պօղոս Նուպարը կոչած    էր ներկայացնելու զինք եւ գլխաւորելու ազգային պատուիրակութիւն մը՝ օսմանեան          սահմաններուն մէջ գտնուող հայաբնակ նահանգներու բարեկարգութեան հարցը       հետապնդելու պալքանեան պատերազմին հետեւանքով Եւրոպա կայանալիք խոր        -հրդաժողովի ընթացքին 46: 43 Մալէզեան Ազգային Պատուիրակութեան պատմութեան վերաբերող յուշագրական      էջերուն մէջ մանրամասնօրէն արտայայտուած է      17   19 եւՀոկտեմբեր 1912-  ին զանազան անձնաւորութեանց ուղղուած նամակներուն եւ ծրագրուած աշխատանքներուն մասին        (Մալէզեան, Ճամբուս Ծայրը , 215–236): Հոն ան կը նշէ թէ յանուն եգիպտահայութեան       Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին անուղղակիօրէն առաջարկած են հայկական դատին   «»     հետապնդումը վստահիլ Նուպարի միաժամանակ յայտնելով թէ Եգիպտոսի գաւառական  ,       ժողովի փոխ նախագահ Երուանդ Աղաթօնի Մկրտիչ Անդրանիկեանի առաջնորդական -  ,  ,  փոխանորդ Աւետիս Շաղօյեան աւագ քահանայի եւ իր ստորագրութեամբ Գէորգ Ե ի []  []         .-  ուղղուած 23 Հոկտեմբեր[/5 Նոյեմբեր] 1912 թուակիրով խնդրած են որ կաթողիկոսն ապա        -հովէ ռուսական կառավարութեան փրկարար պաշտպանութիւնը «   » (  221): էջՆամակին աղաւաղեալ պատճէնը հրատարակուած է նաեւ այլուր որպէս Նոյեմբեր        3  1912 թուակիր՝ առանց զայն ստորագրողներու անուններուն ընդգրկման Բէհբուդեան     (, 99–100): 44 Մալէզեան, Ճամբուս Վրայ , 297–298:45  Raymond Poincaré տուեալ շրջանին վարչապետն էր Ֆրանսայի եւ կը խորհուէր թէ անոր             հետ տեսակցութիւն մը կրնայ նպաստել որ Ֆրանսա Թուրքիոյ մէջ իր կատարելիք           ներդրումները պայմանաւորէ հայոց վիճակին բարելաւման նպատակով թրքական կառա         -վարութեան կողմէ ձեռք առնուելիք միջոցներով    :46 Հովսեփյան, 5–6:26 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)
                                
   20   21   22   23   24   25   26   27   28   29   30