Page 25 - Demo
P. 25


                                    վերածուած է պարագան Քննարկումները կ՚աւարտին խորհրդարանական յանձնա   :     -ժողովը լուծելու միաձայն որոշումով   : Մինչ այդ հարստահարական եւ անկէ բղխած բարենորոգումներու խնդիրներուն         կապակցութեամբ առնուած էին քայլեր մա՛նաւանդ երբ յստակօրէն մակաբերուած էր   ,       թէ օսմանեան տէրութեան մէջ երկրորդ սահմանադրութեան հռչակումով փոփոխու        -թիւններ եւ բարեկարգութիւն յուսացող օսմանցիներ յատկապէս թէ՛ կառավարութե     ,    -նէն եւ թէ՛ տեղական տարրերէ երիցս հարստահարուող հարկահանուող բռնա      , ,   -դատուող բռնաբարուող սովամահ եղող կոտորուող ու տեղահանուող հայեր կ՚ապրէ, ,  ,       -ին անդոհանքը չարաչար խաբուածի՝ կամեցող ձեւանալով հանդերձ ազդու միջոցներ         ձեռք չառնող կառավարութենէ մը որ չէր բարւոքեր անհանդուրժելի կացութիւնը իսկ    ,      ,  եթէ իսկապէս անկարող էր կացութեան վերջ դնելու թոյլ չէր տար որ հայեր ինքնա       ,        -պաշտպանուին զինուելով ինչպէս զինուած էին զիրենք շրջապատող կամ հայկական ,        շրջաններու մէջ բնակող այլադաւան ցեղեր    : Համբերութեան բաժակն այլեւս յորդած եւ յոյսի դուռները փակուած ըլլալով        , պատրիարքարանը չարեաց դարմանը որոշած էր փնտռել օսմանեան սահմաններէն         դուրս Պահը մղած էր որ լուծումն այդ սահմաններէն դուրս փնտռէին արտասահ:             -մանեան գաղութներու մէջ գործող կազմակերպութիւններ եւ անհատ ազգայիններ եւս         : 15/28 Հոկտեմբեր 1912 թուակիր անձնական նամակով մը Արշարունի Պօղոս Նու         -պարի գրած էր   .  Անծանօթ չէ Ձեր վսեմութեան այն անտանելի ու թշուառ կացութիւնը          , որուն ենթարկուած են մերազնեայք Հայաստանի մէջ երկար տարիներէ ի վեր           , եւ մանաւանդ վերջերս հոն տիրող ծանր վիճակը ցոյց կու տայ որ բնաջնջումի             սիսթէմաթիք քաղաքականութիւն մ՚է որ ի գործ կը դրուի մեր նահատակ ազգին              հանդէպ Ու երբ այժմ ներկայ պատերազմին հետեւանօք կը խորհուի Մակե:            -դոնիոյ ինքնօրինութեան վրայ ժամանակն է որ Հայաստանի բարենորոգմանց  ,        խնդիրն ալ լրջօրէն նկատողութեան առնուի եւ իրական բարենորոգումներ         գործադրուին նաեւ Հայաստանի համար   : Արդ՝ պիտի խնդրէինք Ձեր վսեմութենէն որ եթէ պատշաճ կը տեսնէ    ,     , բարեհաճի այս մտօք տեսակցութիւն մը ունենալ Պ Բուանքարէի հետ ու ոչ        .  ,     ոք աւելի բարձրօրէն ու ձեռնհասօրէն պիտի կրնայ թարգմանը ըլլալ մեր մար            -տիրոս ազգին բաղձանքներուն որ այնչափ մօտէն իրազեկ է անոր դժբախտու  ,          -թիւններուն եւ որ հետեւելով իր պատուական հօր՝ Մեծն Նուպարի գեղեցիկ,             օրինակին պիտի յաջողի անշուշտ կատարել շատ կարեւոր ու շատ մեծ դեր մը,             , որով անգամ մ՚եւս պիտի անմահանայ իր արդէն անմահ անունը ու երախտա              -գիտութեամբ եւ պատկառանքով յիշուի սերունդէ սերունդ բոլոր Հայ բերան           -ներէ42:  Նոյն օրը Արշարունի նաեւ նամակ մը ուղղած էր Վահան Մալէզեանի որ թուա ,          ,     -կանէն տաս օր առաջ նամակով մը տեղեկացուցած էր Հայաստանի բարենորոգումնե              -42 ՓՆՄ ԶՆՀՀՄ, :ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)| 25
                                
   19   20   21   22   23   24   25   26   27   28   29