Page 22 - Demo
P. 22
իբր քրիստոնեայ ժողովուրդ քաղաքական հեռանկարներ պիտի ստեղծէ իրեն համար եւ իր զարգացումով կրնայ գլել անցնիլ հարեւան մահմետական ցեղերը տիրելով անոնց վրայ Ապա կը հետեւցնէ թէ Երիտասարդ Թուրքերը խստօրէն գծուած ներքին քա»: -ղաքականութիւն մը կիրարկելով համիսլամական քաղաքականութեանը երազներուն « կը ձգտին եւ այդ պատճառով է որ հայերը կը հալածուին իսկ քրտական աւատա » , -պետական դրութիւնը կը յամենայ 29: Առանց հակասական տեսակէտներու քննութեան մէջ խորանալու պարզապէս , աւելցնենք թէ Փափազեան իրատեսօրէն կ՚եզրակացնէր Քիւրտերու ոյժը չոչնչացնելու . « այս ջանքերուն մէջ սեւ միտքեր կը տեսնեմ Ասիկայ սկիզբն է երկանց եւ հայ ժողո : -վուրդի կեանքը փրկելու համար լուրջ ձեռնարկներու վրայ պէտք է մտածել » : 309/22 Դեկտեմբեր 1911- ի նիստին մէջ կատարուած ուխտատուութեամբ եւ ուխտա -ռութեամբ սկիզբ կը դրուի Յովհաննէս Արք Արշարունիի որպէս նորընտիր պատրիարք . գործունէութեան եւ ատենագրութիւններէն կը պարզուի թէ Ազգային Ընդհանուր Ժողովը զբաղեցնող գլխաւոր հարցերը առնչուած են սաղիմահայ գործերու ռումանա , -հայ նուիրատու Եուանէսքուի կտակին օսմանեան երեսփոխանական ժողովի ընտրու , -թիւններուն նախկին պատրիարք Օրմանեանի դէմ եղած ամբաստանութիւններուն, , եւայլն Բացառութիւն կը կազմեն կարգ մը ելոյթներ որոնք կը վերաբերին գաւառներու: , կացութեան ինչպէս Սայապալեանի նշումը, 1911–1912 նստաշրջանի վերջին նիստին՝ 13/29 Ապրիլ 1912-ին31: 1912–1913 նստաշրջանի Ա նիստին . , 11/24 Մայիս 1912- , ին Արշարունի իր բացման ճառը կը սկսի մատնանիշ ընելով Հողային հարցին ստացած կնճռոտ հանգամանքին « եւ հայ նահանգներու խորերը տիրող անապահովութեան հետեւանքով հայ բնօրրա » -նին դատարկումը արտագաղթով աւելցնելով թէ անդարմանելի աղէտ մը դառնալու , հաւանականութիւնն ունեցող այդ երեւոյթին դարման գտնելու համար աշխատանք -ները ոչ միայն մնացած են անպտուղ այլեւ կառավարութեան ներկայացուած դիմում , -ներուն կարծես ի պատասխան ազգապատկան ու վանքապատկան գետինները « , գրաւուած ու գրաւուելու բաղձանք մը կը նկատուի ...» : 32Թէեւ Քաղաքական Ժողովը ինչպէս Պոլիս լոյս տեսնող հայկական օրաթերթերէն , կարելի է հաստատել կը կատարէր անհրաժեշտ հետապնդումներն ու ծրագրումները , , Ազգային Ընդհանուր Ժողովի յաջորդական նիստերուն մէջ դա՛րձեալ լռութիւն կը տիրէ հարստահարութիւններու անիրաւութիւններու կեղեքումներու վերացման եւ բարե, , -նորոգումներու անհրաժեշտութեան մասին մինչեւ Ազգային Ժողովի Թ Նիստը . , 24 Օգոստոս Սեպտեմբեր/6 1912- , ին ուր Խնդիր ապահովութեան հայաբնակ նահան « -գաց ը կը դառնայ օրակարգի գլխաւոր նիւթ այն բանէն ետք երբ նոր հարստահա»- 33 , -29 Նոյն, 446–447:30 Անդ:31 ԱԱԺ նիստ Լ, ., 582:32 ԱԱԺ վերաբացում, 1912–13 շրջանի նիստ Ա, ., 1–2:33 Նիստը կը յատկանշուի մերթ բուռն մերթ չափաւոր ելոյթներով եւ զանազան առաջարկ , -ներով բայց կը փակուի պարզապէս հարցը օրակարգի մէջ պահելու որոշումով, : 22 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)