Page 16 - Demo
P. 16
Ժողովը միաձայնութեամբ կ՚որոշէ Դիմաքսեանի առաջարկը անցնել յառաջիկայ « նիստի օրակարգը բայց ան օրակարգի վրայ կ՚երեւի », 5/18 Դեկտեմբերի տասներորդ նիստին՝ առանց սակայն քննարկուելու Դիմաքսեան յաջորդ նիստին գումարուած , , : , 12/25 Դեկտեմբերին նաեւ կ՚առաջարկէ փութով կատարել ազգահամար մը Այդ, : առիթով կատարուած փոխանակումներէն կը պարզուի թէ վերջին ազգահամարը կատարուած էր 28 տարի առաջ երեք քննիչներու կողմէ անոնցմէ մին ըլլալով Գարեգին , Եպսկ Սրուանձտեանցը եւ հայոց ընդհանուր թիւը գնահատուած էր. , 2,500,000 : 926 Դեկտեմբեր 1908/8 Յունուար 1909- ի նիստին երբ Ատանայէն ընտրեալ երեսփո -խան Արիստակէս Գասպարեան նշելէ ետք թէ քիչ մը ամէն տեղ ներառեալ՝ Կիլիկիոյ ,- , եւ ի մասնաւորի Ատանայի զանազան կողմերը կը շարունակուին կեղեքումներ ու « խժդժութիւններ անձնական ազատութեան ու հաւասարութեան իրաւանց բռնաբա, -րումներ»,- բացատրութիւն կը պահանջէ վարչապետին ուղղուած դիմումի արդիւնքին մասին ժողովը վարող Բ ատենապետը՝ բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան կը հաստատէ, . , թէ կառավարութիւնը ոչինչ ըրած է : «Ընդհակառակը խժդժութեանց լուրերը աւելի՛, սաստկութեամբ կը հասնին ըսելէ ետք կ՚առաջարկէ հարցը կցել Դիմաքսեանի » , առաջարկած յիշատակագրի օրակարգին 10: 23 Յունուար/5 Փետրուար 1909- ի նիստի ժողովականներուն ուշադրութեան կը յանձնուի թէ հայկական գաւառներու մէջ բռնակալութեան օրով հարստահարիչներու կողմէ յափշտակուած հողերէն ոչինչ վերադարձուած է սեփական տէրերուն իսկ սովէ , տառապող գաւառներու պարագային կառավարութիւնը փոխանակ օգնելու՝ վար կը դնէ հայ բարերարներու կողմէ ղրկուած գումարները զանոնք յատկացնելու զինուո , -րական եւ այլ տուրքերու 11: Դիմաքսեանի՝ օրակարգի մէջ մնացող բայց չքննարկուող յիշատակագրի հարցը կրկին կ՚արծարծուի այս անգամ երեսփոխան Պարգեւ Փափազեանի կողմէ , , 27 Փետրուար/12 Մարտի նիստին Տեղի կ՚ունենայ ծաւալուն քննարկում եւ յայտնապէս : Զօհրապի եւ օսմանեան խորհրդարանի միւս հայ երեսփոխաններուն միամիտ արտա -յայտութիւններուն ազդեցութեամբ փոխանակ անմիջապէս յիշատակագրի պատրաս , -տութեան նպատակով յանձնաժողով մը անուանելու ժողովը կ՚որոշէ նախաքննու , -թեան համար Ազգային Ժողովի Ատենապետերու Դիւանին յղել օսմանեան խորհրդա -րանին յիշատակագիր մը մատուցանելու առաջարկը 12: Ատենապետերու Դիւանը յաջորդ՝ 13/26 Մարտի նիստին իսկ կը յայտնէ թէ առա -ջարկուած յիշատակագիրը կրնայ օգտակար ըլլալ տուեալ պարագաներուն մէջ 13: Տեղեկաբերը՝ երեսփոխան Վռամշապուհ Մանուկեան կը զեկուցէ թէ երեք կէտերու , վրայ կեդրոնացած է դիւանը՝ յափշտակուած հողերու ժամանցելիութիւնը որոշելու խնդիր կեանքի ինչքի եւ սովի խնդիր՝ անապահովութեան եւ սովի դրդապատճառ, , -9 ԱԱԺ նիստ ԺԱ, ., 152:10 ԱԱԺ նիստ ԺԳ, ., 189:11 ԱԱԺ նիստ ԺԵ, ., 222:12 ԱԱԺ նիստ ԺԶ, ., 260:13 ԱԱԺ նիստ ԺԸ, ., 277:16 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)