Page 190 - Demo
P. 190


                                    Յաւելուած 14  ԽԻՍՏ ԽՈՐՀՐԴԱՊԱՀԱԿԱՆ ԾԱՆՈՒՑԱԳԻՐ    Հայ ժողովուրդը որ իր յոյսը դրած է Տէրութիւններու հզօր միջամտութեան վրայ՝ ,             իր վիճակին բարելաւման համար կը սպասէ անոնց որոշումին Ինչպէս որ ան պատիւն   ,     :      ունեցած է Խորհրդապահական ծանուցագրով մը զայն ներկայացնելու Ռուսիոյ         Ձարական Կառավարութեան  4/17 Յուլիսին կը մնայ համոզուած՝,     1. Թէ բացարձակապէս անհրաժեշտ է որ վեց նահանգներու վարչութիւնը    ,     ղեկավարէ մէկ միտք եւ մէկ ձեռք ուստի՝ տրամաբանական հետեւութիւնը      .    զանոնք միացնելու եւ մէկ Ընդհանուր Կառավարիչի հրամանին տակ դնելու         . 2. Թէ այս Ընդհանուր Կառավարիչը պէտք է ըլլայ եւրոպացի մը եւ վստահութիւն              ներշնչէ Տէրութիւններուն ուստի՝ տրամաբանական անհրաժեշտութիւնը .    անոնց համաձայնութեան զայն նշանակելու համար    . 3. Թէ որպէսզի անոր գործունէութիւնն ըլլայ արդիւնաւէտ ան պէտք չէ կախեալ     ,      ըլլայ Բարձր Դուռէն թէ հետեւաբար անոր պէտք է տրուի ամբողջական  . , ,       լիազօրութիւն եւ ան պէտք է ունենայ բոլոր պաշտօնեաներն ու դատաւորները             նշանակելու լիազօրութիւն . 4. Թէ իսլամներու եւ ոչ իսլամներու թուային հաւասարութիւնը էական է   -      ներկայացուցչութեան եւ հանրային պաշտօններու մէջ     . 5. Թէ նոր վարչութիւնը պէտք է դրուի կազմակերպուած եւրոպական վերահսկո           -ղութեան տակ : Ասոնք են անհրաժեշտ պայմանները Հայաստանի մէջ իրաց կայուն կարգի մը          ստեղծման համար Կը բաւէ որ Տէրութիւններն անկեղծօրէն փափաքին զայն որպէսզի :        ,  ան հաստատուի այս շրջանի հայ բնակչութեան եւ իսլամ բնակչութիւններու         երջանկութեան համար : Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չդադրի իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնելէ          Նորին Վեհափառութիւն Ռուսիոյ Կայսեր եւ անոր կառավարութեան այն շահա         -գրգռութեան համար որ ցոյց տուած են այս պատմական պահերուն եւ ունին այն ,       ,     հաստատ յոյսը թէ ան իմա՛ շահագրգռութիւնը պիտի չբացակայի մինչեւ Հայկական ,    [ ]     Խնդրին ամբողջական լուծումը  :  Ան նաեւ կը հաւատայ թէ պարտականութիւն մը կը կատարէ՝ աւելցնելով թէ           անորոշութեան եւ ծայրայեղ անձկութեան վիճակը որուն մէջ կը գտնուի հայ    ,      ժողովուրդը աւելի քան վեց ամիսներէ ի վեր չի կրնար չափազանց երկարաձգուիլ՝       ,      առանց վտանգելու միտքերու հանդարտութիւնը եւ առանց առաջացնելու յուսա    [ ]    -լքութիւն:  1818 Արամ Անտոնեան մեքենագրելէ ետք ֆրանսերէն բնագիրը իբրեւ ծանօթութիւն լաւ եւս ,    ,  ,-   է ըսել տեղին նկատողութիւն աւելցուցած է Եթէ դէպքերը դատենք իրենց տրամաբա   ,-   . «      -նական յաջորդութեան մէջ պիտի տեսնենք թէ Ընդհանուր Պատերազմի ընթացքին ըլլայ  ,       ,  Թուրքիոյ ըլլայ Գերմաններու կողմէ Հայոց նկատմամբ սնուցուած կասկածներուն,        190 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)
                                
   184   185   186   187   188   189   190   191   192   193   194