Page 186 - Demo
P. 186


                                    ինձ հաղորդեցիք ձեր վերջին    8/21 Յունիս ամսաթիւ նամակով Տօքթ Լէբսիուս Ձեզ  : .   ըսած էր թէ երբ Հայաստանի համար բարենորոգմանց յատուկ ծրագիր մը ընդունուի     «        , այն պարագային եւրոպական հակակշիռը պիտի վերցուի մինչ կը կարդամ Ձեր     »,      22/5 Յունիս Յուլիս ամսաթիւ նամակին մէջ թէ դեսպանը առարկութիւններ ընելէ վերջ[/]         յայտնած է թէ կ՚ընդունի հակակշիռը      : Սա մեզ յուսալ կուտայ որ այս կենսական խնդրոյն շուրջ համաձայնութիւն մը ի               վերջոյ պիտի գոյանայ ա՛ս ինչպէս նահանգապետի պարագային հակակշռողներու  . ,   ,  ազգութեան խնդիրն է որ դժուարութիւն պիտի յարուցանէ զոր կարելի է լուծել եթէ       ,       Ռուսիա ուզէ բարեացակամ գտնուիլ Ձեր ջանքերը պէտք են միանալ այս կէտին շուրջ   :          Ռուսիոյ դեսպանատան մէջ ես ալ բնականաբար միեւնոյն ուղղութեամբ գերծեցի Մ  .          . Իզվօլսքիի մօտ սակայն ես ստիպեալ եմ սոյն դիմումներու մէջ շատ վերապահ նոյն ,          ,  իսկ գաղտնապահ ըլլալ որպէս զի չվիրաւորեմ Պոլսոյ իր պաշտօնակիցը որ շատ  ,         նախանձախնդիր կը թուի իր իրաւասութեանց մէջ եւ կ՚ուզէ առանձինն բանակցիլ մեր              բարենորոգմանց խնդրոյն վրայ Սա այն բրօսէտիւրի  :    [= ընթացակարգի օրէնքն է որ]      ընդհանրապէս Պետութիւնք ընդունած են որոշած ըլլալով կեդրոնացնել բանակցու    ,      -թիւնները եւ բարենորոգումներու վերաբերեալ ամէն բանի հոգը թողուլ իրենց Պօլսոյ           դեսպաններուն չխառնուելով անոնց գործին խառնաշփոթութիւն մը առաջ չբերելու,   ,      համար մինչեւ որ լմնցնեն իրենց աշխատութիւնը Արդ պէտք է որ այժմ Պօլսոյ մէջ,      : ,         գործենք Զանազան պաշտօնական տեղերէ ինձ ջերմապէս յանձնարարեցին Պօլիս:        երթալ բանական է որ ես պատասխանեցի թէ Պատուիրակութեան պաշտօնը Վեհ.           . Կաթողիկոսին կողմէ միմիայն Եւրոպիոյ մէջ գործելու սահմանուած է ստիպելու        ,  Պետութիւնները որ բարենորոգմանց խնդրով զբաղին այս արդիւնքը այսօր ձեռք    .     բերուած է Վասն զի Պօլսոյ դեսպանները պաշտօն ստացած են վերջնական ծրագիր  :            մը պատրաստելու հետեւաբար ոեւէ կերպով իմ ներկայութիւնս օգտակար չէ Պօլսոյ ,           մէջ՝ ուր բանակցութեանց վարչութիւնը կ՚իյնայ իրաւամբ Պատրիարքարանի՝ որ իր          դիրքով իր կատարեալ ձեռնհասութեամբ եւ իր բարձր հեղինակութեամբ կոչուած է,              բացարձակապէս բանակցութեանց վարչութիւնը ստանձնել հետեւաբար իմ Պօլիս   .    երթալս աւելորդ է   : Եւրոպիոյ մէջ Պատուիրակութեան դիրքին գալով ա՛ն միայն գործօն եւ օգտակար    ,       կրնայ ըլլալ երբ վերջնական ծրագիրը պատրաստուելէն վերջ Բ Դռան հետ անոր      ,  .    գործադրութեան մասին համաձայնութիւն մը չգոյանայ եւ այն ատեն Եւրոպա որոշէ     ,      , ինչպէս Ձեր Սրբազնութիւնը գուշակած է իր նամակին մէջ կա՛մ զայն յանձնել Լոնտոնի         ,     Գօնֆէրանսին կա՛մ ուղղակի բանակցիլ Թուրքիոյ հետ Տարակոյս չկայ թէ այն     :     ժամանակ Պետութիւնք ելմտական ճնշում մը պիտի բանեցնեն Մինչեւ այն վայրկենին       :    Պատուիրակութեան դերը պէտք է կրաւորական ըլլայ պէտք է գոհանայ դէպքերուն      .      հետեւելով՝ որպէս զի ներկայացող ո՛եւէ առիթէ մը օգուտ քաղէ          : Արդէն մտադիր եմ այս դադարէն օգտուիլ առողջական քիւրս        [= դարմանումս] ընելու եւ քիչ մը հանգչելու համար որուն պէտք ունիմ՝ սովորութեանս հակառակ այս       ,       ձմեռը Եւրոպիոյ մէջ անցնելուս պատճառաւ    : Ձեր Սրբազնութիւնն՝ ինձ ըրած գաղտնի յայտարարութեանց մասին ապահով        կրնայ ըլլալ եւ կրնայ վստահիլ իմ կատարեալ գաղտնապահութեանս վրայ          : 186 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)
                                
   180   181   182   183   184   185   186   187   188   189   190