Page 187 - Demo
P. 187


                                    Ներփակ կը ղրկեմ մեր Անգղիոյ Գօմիթէի նախագահ Մր Ա նիւրին Վիլիէմսի մէկ        .  []   նամակը զոր Թայմս հրատարակած է Ձեր Սրբազնութիւնը պիտի տեսնէ որ Մր  «»   :      . Վիլիէմս յատկապէս կը պահանջէ Անգղիայէն որ Թուրքիոյ մերժուի ո՛եւէ ելմտական            աջակցութիւնը՝ մինչեւ որ բարենորոգումները չշնորհուին Այս Անգղիական Գօմիթէն     :    մեզ իրական ծառայութիւններ կը մատուցանէ մեր դատին ի նպաստ պատուական     .       յիշատակագիր մը ի գիր առած է որ Սըր Էտ Կրէյի պիտի ներկայացուի Սոյն          .   :  յիշատակագիրը արդէն ստորագրուած է բազմաթիւ անգղիացի եպիսկոպոսներու եւ          երեւելի անձերու կողմէ  : Ամենախորին յարգանքով՝  Ստորգ Պօղոս Նուպար. ( )  Յ Գ. .- Գերմանիոյ դեսպանին կողմէ Ձեզ յայտնուած եւ Բարիզ տպագրուած        գրքոյկի մասին ո՛եւէ տեղեկութիւն չունիմ Ամէն պարագայի մէջ եթէ այնպէս գրքոյկ    :       մը գոյութիւն ունի պատասխանատուն միայն անոր հեղինակն է՝ ինչպէս արդէն  ,         իրաւացիօրէն Ձեր պատուիրակը դիտել տուած է      :  ՊՏԴ տուփ,  2, թղթապանակ MD1100,  865– 867ՆՆ  –––––  Գ.  Բարիզ, 21 Յուլիս 1913 Ամենապատիւ Տէր  Տէր Տէր Յովհաննէս Արքեպիսկոպոս Արշարունի     Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ   Կ Պօլիս.   Ամենապատիւ Տէր , Այս շաբաթ Պօլսէն նամակ մ՚ստացայ՝ որ կը տեղեկացնէր թէ Պատուիրակութեան             դէմ նոր էնթրիկ   [= մեքենայութիւն մը լարուած էր նպատակ ունենալով Դեսպաններու]     ,    Խորհուրդէն հեռացնել Ռուսիոյ Ծրագիրը եւ անոր տեղ՝ դնել ուրիշ մը որ կը թուի թէ           ,        Օսմանեան Կառավարութեան կողմէ պատրաստուած է     : 15Այս վերջին ծրագրին ուժ    պիտի տրուի եղեր Երրեակ Զինակցութեան դեսպաններուն կողմէ որոնք զայն իրենց      ,    պաշտօնակիցներուն ալ ընդունիլ տալու համար կարծած եւ ըսած են թէ ես ըսած ըլլամ՝             ,     Տ Քլեմանսօյի ուղղած եւ Օմ Լիպրը ի.     « »  20 Յունիսի թիւին մէջ հրատարակուած իմ     նամակիս մէջ թէ Պատուիրակութիւնը Օսմանեան Կառավարութեան հետ ամէն կէտի    «      վրայ համաձայն է ի բաց առեալ հակակշիռէն Կը խոստովանիմ թէ իմ զարմանքս մեծ   ,     »:         եղաւ տեսնելով այսքան յանդուգն սխալ պատճառաբանութիւն մը Նամակիս մէջ չկայ       :    15 Տեսնել նաեւ ա՛յս Յաւելուածներ բաժնի թիւ եւ ծանօթագրութիւնները      8   9 :ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)| 187
                                
   181   182   183   184   185   186   187   188   189   190   191