Page 184 - Demo
P. 184
Բաժնուելու ատեն պատուիրակներու յայտնած փափաքին վրայ ըսաւ որ մեզի , , պատրաստ է անձամբ ընդունիլ զիրենք եւ խորհրդակցիլ : Պատուիրակները նոյն միջոցին այցելած են նաեւ իշխան Տրուպէցքօին որ խօսած է գրեթէ ճիշտ նոյն կերպով : Բաժնուելու միջոցին ըսած է . «Ես չեմ սիրեր շատ որոշ խօսքը վարդագոյն յոյսեր տալու եւ յուսախաբութիւն , պատճառելու վախէն եւ շատ պահանջէն գոնէ մաս մը ձեռք բերուած ըլլալու որոշ , յաջողութեան գնահատութիւնը չչքացնելու համար Ամէն պարագայի մէջ շատ լուրջ : , կ՚աշխատինք եւ կը կարծենք որ ընդդիմութիւնը անյաղթելի չէ »: Յետոյ աւելցուցած է . «Ձեր գործը կը ղեկավարէ լուրջ եւ խելօք այնպիսի մարդ մը ինչպիսին է , Մանտէլշթամը որ կը տիրէ հարցին եւ պէտք է վստահիլ անոր, , :» ՓՆՄ ԶՆՀՀՄ, ––––– Բ. [15 Յուլիս 1913] Ամենապատիւ Տէր Տէր Յովհաննէս Արքեպիսկոպոս Արշարունի Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ Կ Պօլիս. Ամենապատիւ Տէր , Պատիւն ունեցայ ստանալու Ձեր Սրբազնութեան 8/21 Յունիս ամսաթիւ գրութիւ -նը կը յուսամ թէ իմ. 18/1 24/7 եւՅունիս Յուլիս ամսաթիւ նամակներս ստացած էք[/] ցարդ: Ձեր վերոյիշեալ գրութեան պարունակած շատ կարեւոր տեղեկութիւնները ինչպէս , նաեւ քաղաքական անձանց հետ ձեր ունեցած տեսակցութեանց տեղեկագիրը մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացի սոյն տեսակցութեանց եւ նախկիններուն մէջ դժբաղդա . -բար շատ մը հակասութիւններ կան որ մի քիչ խառնաշփոթութիւն առաջ կը բերեն շահագրգռուող Պետութեանց հայեցակէտներուն մէջ բայց սա՛ անշուշտ՝ օր ըստ օրէ . յառաջացող բանակցութեանց ստացած ձեւէն առաջ եկած փոփոխութեանց հետե -ւանքը պէտք է ըլլայ : Բոլորովին համաձայն եմ եւրոպացի նահանգապետի հակակշռի գիւղային պա , , -հակներու եւ հողային խնդրի վերաբերեալ չորս փոփոխութեանց զոր Ձեր Սրբազնու -թիւնը պահանջած է Ռուսական Ծրագրին մէջ Այն չորս կէտերը իրական կարեւորու : -թիւն ունին զոր շեշտեցի ես ալ հոս՝ ձեր նամակը ստանալէս անմիջապէս վերջը ըրած դիմումներուս մէջ : 184 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)

