Page 188 - Demo
P. 188


                                    բան մը որ իմ կարծիքիս այսպիսի մեկնութեան մը թոյլատու ըլլայ չկայ պարբերութիւն             .   մը ուր կառավարութեան հետ համաձայն կամ համաձայնութիւն բառերը գտնուին        . կառավարական ծրագրի խօսքն անգամ չեմ ըրած բնագրին վրայ ո՛եւէ տեղեկութիւն     ,     մը չունենալուս համար Սակայն յայտնի է թէ քաղաքականութեան մէջ այսքան պզտի  16:           բաներու կարեւորութիւն չի տրուիր եւ դեսպանները ոեւէ խղճահարութիւն չեն ունե             -ցած ինծի ըսել տալու այն բանը որ ես չեմ ըսած           : Ամէն պարագայի մէջ ինձ կ՚ապահովցնեն որ եթէ ես այս պատճառաբանութիւն            -ները չհերքեմ այն սխալ գաղափարները ընդունած պիտի ըլլամ ինչ որ պատճառ պիտի ,      ,      ըլլայ Երրեակ Դաշնակցութեան դեսպաններուն որ Ռուսիոյ ծրագրին ուժ կուտան   ,     , փոխել իրենց բռնած ընթացքը   : Հերքմանս տալիք ձեւին վրայ որոշում մը տալէ առաջ փափաքեցայ Մ Պօնբարի           .  հետ տեսակցիլ զինքը երէկ տեսայ եւ ուրախ եմ ըսելու թէ կատարեալ կերպով համա .   ,             -ձայն է ինչպէս նաեւ այստեղի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Արդ՝ որոշեցի  ,      :   ճշդում մը հրատարակել եւ որովհետեւ իմ կարծեցեալ յայտնութիւնս Բ Դռան հետ   ,       ,  .   համաձայնութեան մը մասին Պ Քլեմանսօյի ուղղած նամակէս առաջ եկած էր անոր   ,  .       ,  ուրիշ նամակ մը գրեցի որ այս առաւօտեան Օմ Լիպրը ի մէջ հրատարակուեցաւ   ,    « »   . ներփակ կը գտնէք մի քանի օրինակներ Դեսպաններու կողմէ Բ Դռան հետ ունեցած       17:    .    համաձայնութեանս մասին եղած սխալ պատճառաբանութեան բնականաբար ո՛եւէ       ակնարկութիւն չըրի Եւ նամակիս՝ այս յարձակումներու ուղղակի պատասխան մը :        տալու բնոյթը չտալու համար զոր ես պէտք էի չգիտնալ ձեւացնել անոր՝ պատասխանի   ,        ,   մը ձեւը տուի Պոլսոյ այն հեռագրին՝ որ Օմ Լիպրը ի մէջ հրատարակուած էր եւ կ՚ըսէր        « »         թէ Բ Դուռը դեսպաններուն ծրագիր մը ներկայացուցած էր Սա՛ պատճառաբանելով  .        :   թէ՛ հերքեցի Պատուիրակութեան եւ Բ Դռան մէջտեղի համաձայնութիւնը եւ թէ՛      .   ,    ընդհանուր պատճառաբանութիւններէ դուրս չելլելով ցոյց տուի որ Բ Դռան ծրագիրը   ,      .  , ի՛նչ որ ալ ըլլայ պէտք է հեռացուի եւ պէտք է ընդունուի Ռուսիոյ կողմէ ներկայացուա     ,              -ծը որ հիմնուած է Պետութեանց,      1895  ի Յիշատակագրին եւ ծրագրին վրայ Ինչպէս    ,  արդէն յայտնուած է Ռուս Ծրագրի բնագրին ճակտին վրայ՝ զոր Ձեր Ամենապատուու            -թիւնը ինձ հաղորդած էր    : Տ Պօնբար վաղը Պօլիս կը մեկնի եւ կը հասնի այս նամակէն քիչ վերջը Կը յուսամ.               :   16 Նուպար Քլեմանսոյի թերթին ուղղուած իր      18 Յունիս 1913 թուակիրին մէջ ակնարկելէ   ետք թէ Թուրքիա    1878-    1895-  ին եւին յանձնառու դարձած էր բարենորոգումներ գործադ      -րելու շեշտած էր կարեւորութիւնը եւրոպական հակակշռի մը որուն գաղափարը յառաջ,        ,   « կ՚երթայ եւ տեղ մը կը շահի նոյն իսկ Թուրքիա Օտեան           » (, 79):17 Նուպար 20 Յուլիս թուակիր նամակին մէջ կ՚ըսէ թէ ծանօթ չըլլալով հանդերձ Բ Դրան          .  ծրագրին քանի որ Օսմանեան կառավարութեան եւ Պատգամաւորութեան միջեւ բարե,    «        -կարգութեան մասին ոչ համաձայնութիւն եւ ոչ ալ իրերհասկացողութիւն մը գոյացած էր             »   , Պոլսոյ թերթերուն լուրերէն եւ մասնաւոր տեսակցութիւններէ հետեւցուցած է թէ          օսմանեան կառավարութիւնն ըմբռնած է բարեկարգութիւններու ստիպողականութիւնը      , «տրամադիր է ընդունիլ մեր համեստ պահանջումներուն մեծ մասը բայց դեռ կը մնայ        »,      հակակշռի խնդիրը որ իրարմէ կը բաժնէր հայկական եւ օսմանեան տեսակէտները ,         (Օտեան, 97–100):188 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)
                                
   182   183   184   185   186   187   188   189   190   191   192