Page 185 - Demo
P. 185
Հոս իմ գտած տրամադրութիւններս ձեր հոն ի Պօլիս հաստատածին գրեթէ յար եւ նմանն են Գերմանիա չ՚ուզեր մեզ շնորհել այն աջակցութիւնը որ իրմէ սպասելու : իրաւունք ունենալ կը կարծէինք այն յոյսով որ իր շահը կը պահանջէր որ սիրաշահի , Պաղտատի երկաթուղւոյն անցած տեղերուն եւ Կիլիկիոյ հայերը Անշուշտ Գերմանիա : կը ճանչնայ իր շահերը եւ այսպէս շարժիլը աւելի Ռուսիոյ դէմ անվստահութեան եւ Թուրքիոյ հանդէպ բարեկամութեան քաղաքականութիւն մ՚է որ դեռ կը շարունակէ իր , ազդեցութիւնն ունենալ Գերմանիա նեղացած է ինչպէս արդէն Ձեզ գրած եմ որ : , , նախաձեռնութիւնը առնուած է Ռուսիոյ կողմէ՝ որուն վրայ միշտ վստահութիւն չունի . պիտի նախընտրէր որ նախաձեռնարկը Գաղղիա կամ Անգղիա ըլլար եւ կարծեմ թէ , հիմակուան իր ընդդիմութիւնն ալ ապագայ սակարկութեան մը պատրաստութիւնն է : Անգղիոյ գալով վերապահ դիրք մը բռնած է զոր հասկնալ դժուարին է բնական է , . թէ մեր բարենորոգմանց ուժ կուտայ եւ կը կարծեմ թէ Մ Մանտելշթա մ ի ըսածը ճիշտ . [ ] է կրնանք անոր վստահ ըլլալ սակայն կը տեսնեմ թէ միշտ Գերմանիան եւ Թուրքիան. , սիրաշահելու հակամիտութիւն մ՚ունի Բարեբաղդաբար Գաղղիական կառավարու : -թեան մեզ շնորհած աջակցութեան մէջ փոխառինութիւն [sic!] մը կը տեսնեմ Կրկին: նախարարութեան հետ խորհրդակցեցայ բարենորոգմանց ընդհանուր ծրագրի , մանաւանդ Ձեր նամակով պահանջուած չորս բարեփոխութեանց մասին Գաղղիական : կառավարութիւնը կ՚ընդունի որ ընդհանուր կառավարիչը եւրոպացի եւ հակակշիռը՝ Ռուս Ծրագրի մէջ կանխատեսուածէն աւելի ազդու պէտք է ըլլայ Դեսպանը այս երկու : կարեւոր կէտերուն ինչպէս նաեւ միւսներուն ուժ պիտի տայ ատոր ապահով եմ ,- ,- , : Միւս կողմէ Ձեր նամակին մէջ տեսայ որ նոյն իսկ Գերմանական դեսպանը ըսած է թէ . «Եւրոպացի լայն իրաւունքներով նահանգապետ մը անհրաժեշտ է ինչպէս նաեւ , կօնտրօլ մը միայն թէ Ռուսիան ոեւէ գերակշռութիւն չստանայ , »: Արդէն չեմ կարծեր որ այս կէտի մասին Բ Դուռն անհաշտ ընդդիմութիւն մը . յարուցանէ Կրնամ Ձեզ գաղտնաբար ըսել որ անցեալ օր Րիֆաթ բաշան ինձ յայտնեց: թէ ինք կը նկատէ որ նահանգապետը անհրաժեշտ աբար եւրոպացի մը պէտք է ըլլայ [] : Արդ այս խնդիրը մեր ուզածին պէս պիտի լուծուի եթէ Ռուսիա չ պնդէ եւ հաշտարար, [ ] դիրք մը բռնէ ընտրելի անձի մասին վասն զի դժուար պիտի ըլլայ համաձայնիլ , նահանգապետի ազգութեան մասին Եթէ Ռուսիա պահանջէ որ ան Ռուս մ՚ըլլայ : , ընդդիմութիւն մը յառաջ պիտի գայ զոր ես կը գուշակեմ թէ անյեղաշրջելի պիտի ըլլայ . պէտք է որ ան պահանջէ որ նահանգապետը գաղղիացի մը կամ անգղիացի մ՚ըլլայ ինչ , որ հաւանականաբար Գերմանիոյ կողմէ պիտի ընդունուի : Այս պաշտօնին համար ընտրելի անձը երկրորդական կառավարութեան մը պատ -կանելու դրութեամբ լուծում մ՚ալ կարելի է այս կէտի մասին թերեւս համաձայնութիւն . մը առաջ գայ : Հակակշռի խնդրոյն գալով որ շատ իրաւացիօրէն Ռուս Ծրագրի մէջ անբաւական ,- կերպով ապահովուած կ՚զգանք Գաղղիական կառավարութեան ալ կարծիքն է թէ ,- առանց հակակշռի բարենորոգումները ազդու չպիտի ըլլան Ուրախ եմ որ այս կէտին : վրայ պնդած էք եւ ես կը յուսամ որ այս կէտի մասին ալ գոհացուցիչ լուծման մը պիտի . յանգինք յենլով այն մեծ տարբերութեան նոյն իսկ հակասութեան որ կը տեսնեմ, , , Գերմանական դեսպանին եւ Տօքթ Լէբսիուսի Ձեզ ըրած յայտարարութեանց մէջ՝ զոր . ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 185

